2013-07-20 09:45:30

Մեսրոպեան Վարժարանի Բակին Մէջ. Մեսրոպեանական Լիզա Սվաճեանի «Արեւ Աչերով» Անդրանիկ Ձայնասկաւառակի Արժանավայել Շնորհահանդէս


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, ուրբաթ, 19 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մեսրոպեանական Լիզա Սվաճեանի «Արեւ աչերով» անդրանիկ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու, լիբանանահայ երգիչներու, արուեստասէրներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու ու խումբերու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ պատահականութիւն չէ, որ Լիզա Սվաճեանի առաջին սկաւառակը կը ներկայացուի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որովհետեւ ան եղած է Մեսրոպեանի աշակերտ, երգելու իր առաջին քայլերը կատարած է վարժարանին մէջ, եւ այդ քայլերուն առաջին գնահատողը եղած է նոյնինքն վարժարանը` իր երգի ուսուցիչին` Մանուէլ Քէշիշեանի ճիգերով եւ հոգատարութեամբ: Տեմիրճեան յոյս յայտնեց, որ այս շնորհահանդէսը պարզապէս սկիզբը հանդիսանայ նորանոր նուաճումներու եւ երգչուհին առաւել եւս կապուի հայ երգին, խորանայ եւ արժեւորէ, որպէսզի յառաջիկային նոր եւ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.