2013-07-20 10:53:06

Կաթողիկէ, Հրեայ Եւ Մահմետական 200 Երիտասարդներու Դրական Առաջարկները Միջկրօնական Երկխօսութեան Ի Նպաստ։


Յառաջիկայ 22էն 28 Յուլիս , Պրազիլի մէջ Երիտասարդներու Համաշխհարային Օրուայ պաշտօնական բացումէն մի քանի օրեր առաջ, 21 յուլիսին, զանազան ազգի եւ կրօնի պատկանող 200 երիտասարդներ՝ Կաթողիկէ, հրեայ եւ Իսլամ , Ռիօյի մէջ պիտի հանդիպին, իրարու ծանօթանալու եւ միասնաբար ներկայացնելու միջկրօնական երկխօսութեան ի նպաստ դրական առաջարկներ ։
Վերոյիշեալ հաւաքը կազմակերպուած է Երիտասարդներու համաշխհարային օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ, որ սոյն ձախաձեռնութիւնը ''երիտասարդական համաշխհարային օրուայ'' յայտագիրի ծիրէն ներս ''պատմական դէպք'' կը նկատէ։
Յայտնենք որ ՃՄՃ-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ընթացքին եւս նախատեսուած է համամիութենական աղօթքի օր մը որ տեղի պիտի ունենանայ Ռիոյի անկլիքան Եկեղեւոյ մէջ քրիստոնեայ զանազան եկեղեցիներու անդամ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.