2013-07-19 11:36:32

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Պահանջէ Սանասարեան Խանի Վարձակալութեան Յանձնումը Կանխարգիլել


Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը դիմած է դատարան` պահանջելով որդեգրել որոշում մը, որ կ՛արգիլէ դատական հոլովոյթի մէջ գտնուող Սանասարեան խանը վարձակալութեան յանձնել:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի շահերը ներկայացնող փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի գրաւոր յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ թէեւ Սանասարեան խան կոչուող շէնքին հետ կապուած դատական հոլովոյթ գոյութիւն ունի, սակայն Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը զայն քսան տարուան վարձակալութեամբ կ՛ուզէ յանձնել եւ արդէն մրցում յայտարարած է:
«Սանասարեան շէնքը 1935-ին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի ձեռքէն անօրինական ճամբով խլուած է: Ատիկա ետ ստանալու համար պատրիարքարանը դիմած է Պոլսոյ քաղաքացիական գործերով 13-րդ դատարան, որուն որոշումներէն մէկը եղած է խնդրայարոյց գոյքը չվաճառել կամ երրորդ կողմի մը չյանձնել, իսկ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը կը խախտէ դատարանի որոշումը` զայն վարձակալութեան յանձնելու մրցում յայտարարելով: Պահանջած ենք, որպէսզի մրցումը դադրեցնող որոշում որդեգրուի», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան նախորդ տարի դատական հոլովոյթի սկսած էր` Պոլսոյ յայտնի Սանասարեան խան անունը կրող շէնքը հայկական համայնքին վերադարձնելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.