2013-07-19 10:41:42

Յունաստանի Խորհրդարանը Հաստատած Է Պետական Պաշտօնեաներու Կրճատման Օրինագիծը


ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրած է պետական մարզին մէջ կրճատումներու վերաբերեալ օրէնքներու թղթածրարը, որ պարտադիր քայլ մըն էր միջազգային վարկատուներէն երկրին հերթական օգնութիւն ստանալու համար:
Թղթածրարի որդեգրման կողմ քուէարկած են միայն իշխող «Նոր Ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչները եւ Համայունական ընկերվարական շարժումը (ՓԱՍՕՔ), իսկ ընդդիմութիւնը ամբողջ կազմով դէմ քուէարկած է: Օրէնքի յօդուածներու մեծամասնութեան աջակցած են 153 երեսփոխաններ:
Նոր օրինագիծը կ՛ենթադրէ մինչեւ տարուան վերջը աւելի քան չորս հազար պետական աշխատողներու հեռացում: Բացի ատկէ, մօտիկ ապագային յաւելեալ 25 հազար մարդ, հիմնականին մէջ ուսուցիչներ եւ ոստիկաններ, պիտի տեղափոխուին պահեստային խումբ, ութ ամսուան ընթացքին անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան պետական մարզին մէջ նոր աշխատանքներ գտնելու, հակառակ պարագային անոնք եւս աշխատանքէ պիտի արձակուին:
Օրէնքի որդեգրումին զուգահեռ խորհրդարանի շէնքին առջեւ շուրջ հինգ հազար քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կատարած են:
Օրէնքներու նոր թղթածրարին որդեգրումը պարտադիր պայման է Եւրոպական Միութենէն եւ Միջազգային դրամական ֆոնտէն 6.8 միլիառ եւրոյի վարկ ստանալու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.