2013-07-18 12:54:31

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պատգամը Անգլիոյ Կաթողիկէներուն Կեանքի Օրուան Առթիւ` Ճանչնալ Իւրաքանչիւր Մարդկային Կեանքի Անգնահատելի Արժէքը։


Իրլանտայի, Սկովտիոյ, Անգլիոյ եւ Կալլէսի կաթողիկէներուն ուղղած պատգամին մէջ` կեանքի օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բաղձանք յայտնեց որ իւրաքանչիւր անհատ ճանչնայ ''մարդկային կեանքի անգնահատելի արժէքը'', ապա կը յառէ որ նոյնիսկ ընկերութեան ամենէն տկարը, հիւանդը, տարեցը, ծնանելիք մանուկը եւ աղքատը, բոլորն ալ Աստուծոյ Արարչագործութեան գլուխ գործոցն են, ստեղծուած Անոր պատկերին ու նմանութեան համաձայն, սահմանուած ցմիշտ ապրելու ու արժանի են մեծ յարգանքի։
Սրբազան Քահանայապետը կ'աղօթէ որպէսզի կեանքի Օրը սատարէ որ մարդու կեանքը դառնայ միշտ առարկայ պաշտպանութեան։ 2013-ի կեանքի օրը ունի որպէս բնաբան. ''կ'արժէ կեանքը պաշտպանել''։ Բնաբանը առնուած է Կարտինալ Խորխէ Պէրկոլիոյի արտասանած 2005-ի քարոզէն սուրբ Ռեմոն Նոննայի տօնին առթիւ մատուցած պատարագի մը ընթացքին։ Սուրբ Նոննան 18-րդ դարու սպանացի կրօնաւոր մըն է եւ պաշտպան սուրբը յղի կիներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.