2013-07-18 12:24:06

Փութին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Սնոուտընէն Շատ Աւելի Կարեւոր Են»


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, անդրադառնալով «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի` Ռուսիայէն ապաստան խնդրելու հարցին, յայտարարեց, որ «ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները վէճերէն աւելի կարեւոր են»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Փութին ըսած է, որ «կարծիքովս, պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները ապահովական մարմիններու աշխատանքներուն շուրջ վէճերէն շատ աւելի կարեւոր են»:
Vedomosti.ru կայքէջը երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ Սնոուտըն 16 յուլիսին պաշտօնական խնդրագիր յղած է Ռուսիոյ գաղթի ծառայութեան` ժամանակաւոր ապաստան խնդրելով այդ երկրին մէջ:բերութիւնները վէճերէն աւելի կարեւոր են»:







All the contents on this site are copyrighted ©.