2013-07-18 14:18:47

Կարտինալ Պերթոնէի Ստորագրութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրը Ի Լուր ֆրանսական Հանրակառքի Մը Արկածին։


Յուլիս 17 ին կեդրոնական ամերիկայի ֆրանսական Կույանայ նահանգին մէջ, հանրակառքի արկածի մը հետեւանքով 21 տարեկան երիտասարդ աղջիկ մը իր կեանքը կորսնուց մինչ այլ ութը ուխտաւորներ ծանր վիրաւորուած են։ Հանրակառքին մէջ կը գտնուէին խումբ մը երիտասարդներ որոնք կը պատրաստուէին մասնակցելու Պրազիլի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին։
Յուլիս 18-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Գայէն Թեմի Եպիսկոպոս` գերապայծառ Էմաննուէլ Լահոնի որուն մէջ իր ցաւն ու մօտիկութիւնը յայտնեց արկածի զոհ աղջնակի ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ իր աղօթքը վստահեցուց վիրաւորեալներուն ու անոնց օգնութեան հասնող բոլոր մարդկանց։








All the contents on this site are copyrighted ©.