2013-07-18 12:14:21

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Մասնակցեցաւ Տարեկան Իֆթարին Նախագահական Պալատին մէջ


Աւանդական Իֆթարը, որ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանին հրաւէրով տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 16 յուլիս 2013-ին, Պաապտայի պալատին մէջ, նախագահ Սլէյմանին համար առիթ մը հանդիսացաւ վերահաստատելու մասնաւորաբար Պաապտայի յայտարարութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Այս յայտարարութեամբ Լիբանանի քաղաքական բոլոր հոսանքները յանձնառու եղած էին Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային տագնապներէն եւ հակամարտութիւններէն:

Իֆթարին, պետական աւագանիին, քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, համայնքապետերուն, որոնց շարքին՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախարարներու ու երեսփոխաններու ներկայութեան արտասանած խօսքին սկիզբը նախագահ Սլէյման յիշեցուց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին շուրջ տարի մը առաջ Լիբանան կատարած այցելութիւնը, որ «առիթ մը եղաւ վերահաստատելու որպէս ազատութեան եւ համակեցութեան դրօշակակիր Լիբանանի պատգամին ամբողջ փայլքը» ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը աւելցնելով. - «Կայունութիւնը, ազգային միութեան եւ համերաշխութեան ոգին, որով յատկանշուեցաւ այս այցելութիւնը, բացայայտեց ընդհանուր շահին գիտակցելու եւ մեր տարակարծութիւններն ու անձնական շահերը շրջանցելու մեր կարողութիւնը, եթէ կամենանք»:

Այնուհետեւ, նախագահ Սլէյման կոչ ըրաւ արագացնելու կառավարութեան մը կազմութիւնը, ընդգծելով Սահմանադրութեան որոշ կէտեր յստակացնելու նպատակով ազգային քննարքումի մը հրաւէր տալու իր դիտաւորութիւնը: Ան նաեւ ընդգծեց բանակին նկատմամբ անվերապահ զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ անոր դէմ գրգռութիւններու հրահրումը կասեցնելու հրամայականութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.