2013-07-18 12:24:14

«Եգիպտոսի Զարգացումներով Թուրքիոյ Հետաքրքրուիլը Ներքին Հարցերու Միջամտութիւն Պէտք Չէ Նկատուի» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ զինուորական յեղաշրջումը քննադատելը եւ այդտեղ ստեղծուած կացութեամբ մտահոգուած ըլլալը Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտութիւն չի նշանակեր:
«Եգիպտոս Թուրքիոյ համար մտերիմ բարեկամ եւ կարեւոր դաշնակից է, եւ այդտեղի զարգացումները ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ ազդեցութիւն ունին», ըսաւ ան:
«Մենք Եգիպտոսի քաղաքական դաշտի բոլոր կողմերը մեր եղբայրներն ու բարեկամները կը նկատենք: Շրջանը, առաւել քան երբեւիցէ, Եգիպտոսի մէջ կայունութեան վերականգնման կարիք ունի», նշեց Տաւութօղլու` աւելցնելով, որ «ատոր համար ալ բոլորը պէտք է ջանք թափեն, որ եգիպտացի ժողովուրդին կամքը արտայայտուի







All the contents on this site are copyrighted ©.