2013-07-18 12:39:43

«Բռնարարքներէ Զգուշանալը Եգիպտոսի Մէջ Յառաջընթացի Միակ Ուղին Է» Ըսաւ Քառնի


Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի Եգիպտոս այցելութեան նպատակը եգիպտական տարբեր հատուածներու եւ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպիլն է` քաջալերելու համար զանոնք բեւեռացումին փոխարէն հաշտութեան ուղղութեամբ յաւելեալ ջանք թափելու:
Քառնի Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթի յաջողութեան, հաշտութեան իրագործման եւ բեւեռացումէ հեռանալու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ դէպի ընտրովի կառավարութեան վերադարձը ընթանալու կարեւորութիւնը շեշտեց:
«Կ՛ուզենք ծայրայեղ աստիճանի ինքնազսպում տեսնել եւ կ՛ուզենք, որ բոլոր կողմերը բռնարարքներէ զգուշանան, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ է Եգիպտոսի մէջ դէպի այս տագնապի լուծումը եւ ժողովրդավարականօրէն ընտրուած քաղաքացիական կառավարութեան վերադարձը ընթանալու միակ ուղին»:
Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յառաջընթացի արձանագրման եւ Եգիպտոսի բոլոր հատուածներուն հետ աշխատանքը կը շարունակէ»` աւելցնելով, որ «Եգիպտոս վտանգաւոր վիճակէ մը կ՛անցնի եւ երկրին ապագան վտանգի ենթարկուած է»:
Սպիտակ տան բանբերը շեշտեց, որ «հաշտութիւնը, բռնարարքներու մերժումը եւ քաոսէն ձերբազատիլը մասնաւորաբար եգիպտացիներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի»:
Միւս կողմէ, եգիպտական ապահովական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ ութ անձեր, ներառեալ` երկու քաղաքայիններ եւ վեց զինուորներ վիրաւորուած են, երբ Կազայի հետ սահմանին վրայ գտնուող Ռաֆահի մէջ եգիպտական բանակի մէկ զօրանոցին դէմ յարձակում գործուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.