2013-07-17 11:07:05

Ռիօ 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Բնաբանը։


Գացէ'ք եւ վկայութիւն տուէ'ք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ընթացքին ձեր ապրած ուրախութեան մասին։

Յառաջիկայ օրերուն (23-28 յուլիս) Ռիօ տէ Ժանեյրօյի մէջ տեղի կ՛ունենան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը։ Պրազիլը` աշխարհի մեծագոյն կաթողիկէ երկիրն է 125 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալներով, կը պատրաստուի ընդունելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու անոր հետ միասին շուրջ 2 միլիոն երիտասարդ հաւատացեալներ, եկած աշխարհի չորս ծագերէն, ներեռեալ Հայաստանէն։

2013-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու բնաբանը քաղուած է Մատթէոսի Աւետարանէն (գլ. 28, 19րդ համար) ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։
Այս բնաբանը կը հրաւիրէ Պրազիլի ու աշխարհի երիտասարդները ընդունելու իրենց քրիստոնէական կոչումը` Աւետարանի քարոզութիւնը, ապրելով Յարուցեալ Քրիստոսի օրինակին համաձայն։

Առաքեալները` Յիսուսի խաչելութենէն ու մահէն ետք, հրեաներէն սարսափած պահուըտած էին, անոնք Յարուցեալ Քրիստոսի երեւումէն ետք կը քաջալերուին։ Յիսուս անոնց հրահանգ կու տայ ըսելով. ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։'' Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը առիթ մըն են յիշեցնելու բարի կամք ունեցող մարդոց, որ մենք աշխարհի մէջ ուխտաւորներ ենք եւ կանչուած բոլոր ազգերուն խօսելու Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսի մասին։

Քրիստոս իր լոյսով կը փարատէ վախի խաւարը ու անդամալուծիչ տարակոյսները։ Յարուցեալ Քրիստոսը կը քաջալերէ երիտասարդները ըլլալու առաքեալներ` նոյնիսկ հոն ուր ընդհարում կայ, հոն ուր քրիստոնեաները կը հալածուին, հոն ուր աշխարհականացումը կը տիրապետէ ու կը հակառակի քրիստոնէական արժէքներուն։

Այս է հետեւաբար եկեղեցւոյ պատուէրը, ուղղուած երիտասարդ քրիստոնեաներուն. ''Գացէ'ք, երիտասարդ առաքեալներ, որ կը հաւատաք Եկեղեցւոյ վարադապետութեան ու կ'ապրիք ծիսակատարութիւնն ու հաւաքական կեանքը. Գացէ'ք` աւետարանեցէք Քրիստոսը ձեր ունեցած անհատական տուրքերով։ Գացէ'ք եւ ամրապնդեցէ'ք ձեր հաւատքը շնորհիւ ձեր տալիք պատասխաններուն ու մեկնաբանութիւններուն յաչս այն հարցերուն որոնք կը տառապեցնեն այսօրուան աշխարհը։ Գացէ'ք եւ վկայութիւն տուէ'ք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ընթացքին ձեր ապրած ուրախութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.