2013-07-17 10:00:22

Նախագահական Պալատին Մէջ Մատուցուեցաւ Տարեկան Իֆթարը


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ երէկ երեկոյեան մատուցեց տարեկան իֆթարը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ պետական ու բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ:
Նախքան իֆթարը նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու հեռանկարները:
Իֆթարի ընթացքին նախագահ Սլէյման իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի առաջարկէ քննարկել սահմանադրութեան որոշ կէտերու յստակացումը: Ան շեշտեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Նախագահ Սլէյման ընդգծեց բանակին նկատմամբ անվերապահ զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ անոր դէմ գրգռութիւններու հրահրումը կասեցնելու կարեւորութիւնը:
Ան Պիր Ապըտի ականահարումը մտահոգիչ զգուշացում մը նկատեց եւ բոլորը հրաւիրեց ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.