2013-07-17 11:17:50

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Ժողով Պըրպենքի Մէջ։


Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ առաքելական, Ղըպտի եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու, անցեալ Յուլիս 9ին իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Եփրեմ Ասորի ուղղափառ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պըրպենք։
Աղօթքէն ետք, ժամը 11ին, առաջնորդներ Սրաբիոն եպս. (Ղըպտի ուղղափառ), Եուճին Քափլան (Ասորի ուղղափառ), Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան (Հայ առաքելական) եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան (Հայ առաքելական), իրենց ընկերակցող եկեղեցական հայրերու մասնակցութեամբ, անցան տարեկան ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն։
Ժողովը քննարկեց Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի քաղաքական, ընկերային տագնապները ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարին պայմանները՝ յուսալով եւ աղօթելով, որ շուտով այդ երկիրներուն մէջ արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը վերահաստատուին։ Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներուն վերջերս գումարած ժողովին, որուն նպատակն էր Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները միասնական ճիգերով դիմագրաւելու միջոցները ուսումնասիրել։
Լսելէ ետք ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ երիտասարդաց յանձնաժողովներու զեկոյցները՝ ժողովը որոշեց.
ա. Միջկիրակնօրեայ դպրոցներու յանձնախումբը շարունակէ ցարդ տարած իր օգտակար աշխատանքները եւ յառաջիկայ տարուան ընթացքին կազմակերպէ միջկիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտական դաստիարակչական հաւաքը։
բ. Թելադրուեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջերիտասարդաց յանձնախումբին աշխուժացնել իր գործունէութիւնը եւ նախորդ տարիներուն նման, յառաջիկայ Օգոստոս ամսուան ընթացքին դաստիարակչական ծրագիրով հաւաք կազմակերպել։ Որոշուեցաւ չորս առաջնորդարաններուն կողմէ մէկական ներկայացուցիչ նշանակել, երիտասարդաց աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով։
գ. Միջհոգեւորականաց միատեղ պատարագի ու միօրեայ լսարանային դաստիարակչական հանդիպումներ ծրագրելու օրակարգը քննարկելէ ետք, ժողովը յարմար նկատեց, որ յառաջիկայ տարի՝ Կիրակի, Մարտ 23ին (Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին), միջհոգեւորականաց միատեղ Հսկումի արարողութիւն մը կազմակերպել։
Հաւաքական ճաշով, յիշատակի նկարով եւ աղօթքով ժողովը փակուեցաւ կ.ե. ժամը 2ին։
Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8ին, Ս. Աթանաս Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.