2013-07-16 09:26:54

Քրիստոնեան Պէտք Ոունի Լաւատեսութեան


Այսպիսի աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք ուր կարծէս թէ լաւ, մաքուր սրտերը տեղ չեն գրաւեր հասարակութեան մէջ... մարդիկ որոնք կը կորսնցնեն իրենց յոյսը, լաւատեսութիւնը այս կեանքին մէջ: Կ'ըսուէր ժամանակին որ քրիստոնեան կը ճանչցուի իր միւռոնի հօտէն... այդ միւռոմը որ դրուեցաւ մեր մարմնոյն վրայ մկրտութեան խորհուրդին ժամանակ: Անոր համար քրիստոնեային պարտականութիւնը պահել է այդ դրոշմին շնորհքը իր քրիստոնեական ինքն-ութիւնը պահելու համար:
Քրէստոնեային լաւատեսութիւնը պարզ մարդկային վստահութիւն մը չէ՝ թէ ամէն բան լաւ աւարտ պիտի ունենայ: Այս լաւատեսութիւնը կ'արմատանայ մարդուս ազատ գիտակցութեան մէջ եւ այն վստահութեան մէջ թէ Աստուածային շնորհքը հզօր է: Ան լաւատեսութիւն մըն է որ մեզ կը մղէ պահանջող ըլլալու մեր անձին հանդէպ, եւ մեզմէ կր խնդրէ որ պատրաստ ըլլանք միշտ համապատասխանելու Տիրոջ կամքին:
Ինչպէ՞ս լաւատես ըլլալ այս դժուար օրերուն, երբ Տիրոջ պարգեւները մեզի կը թուին անբաւաբար եւ անգոհացուցիչ, նկատի ունենալով անշուշտ պատերազմներն ու բնական աղէտները:
Մենք կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ ուր ամէն օր աւելի դժուարութիւններ կր գտնենք եւ շատ մը անձեր կր յանձնուին մտահոգութեան տարբեր տեսակներու: Այս վիճակին արդիւնքն է ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ գործի անյաջողութիւնը: Որքան աւելի մտահոգութեան ենթարկուինք, այնքան աւելի դժուարութիւն պիտի ունենանք լուծումներ գտնելու եւ հետեւարար այնքան աւելի մեր ձախողութիւնները կը բազմապատկուին:
Տէրը մեզ կը սիրէ որպէս իր զաւակները եւ մեզի տուած է հաւատքի շնորհքը: Ան մեզմէ կը խնդրէ արտացոլալ մեր լաւատես ու նախնական տրամադրութիւնը ստեղծագործութեան նկատմամբ, այս ,աշխարհի սէրըե որ կը գտնուի քրիստոնէութեան սրտին մէջ:
Յիսուս մեզի սորվեցուց թէ պէտք է ապրիլ ուրախութեան մէջ : Ան մեզ քաջալերեց ըլլալու տիպարները լաւատեսութեան եւ բարեսիրտութեան: Ան երբեք չդադրեցաւ բացատրելէ Լաւին իմաստը՝ մեզի հասցնելով Սիրոյ գաղափարին եւ Աստուծոյ կամքին ամբողջական նուիրումին:
Մենք քրիստոնեաներս բախտաւոր ենք ունենալու Յիսուսը որպէս Փրկիչ, բժիշկ, հայր եւ տիպար: Մենք հպարտ ենք նաեւ մեր հզօր Եկեղեցիով որ երբեք վախը չէ ապրած իր առաջին օրերէն իսկ:
Սուրբ Աւետարանը մեզի կ'ուսուցանէ միշտ ուրախ եւ զուարթ ըլլալ հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն. ,Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ՝ ուրախ եղէք (Փիլ 4, 4): Սուրբ Գիրքէն սորվեցանք նաեւ որ ամէն բան կրնայ նպաստել հաւատացեալներու բարիքին. ,Գիտենք թէ Աստուած ամէն բանի մէջ գործակից է բարիքին անոնց՝ որոնք զինք կը սիրեն եւ կանչուած են իր կամքին համաձայն (Հոոմ 8, 28) :
Եթէ քրիստոնեան միշտ ուրախ է, ուրեմն ան իր հետ ու իրեն համար ունի Տէրը: Քրիստոնեային լաւատեսութիւնը պարզամիտ ընդունելութիւն մը չէ թէ ամէն ինչ բարի աւարտ մը պիտի ունենայ, այլ համոզումն է թէ Տէրը զինք կը պաշտպանէ երբ ամէն ինչ իր շուրջը քայքայումի մատնուած է:
Որպէս եզրակացութիւն, կը փափաքիմ խօսքս ուղղել անոնց որոնք միշտ կը կասկածին եւ կը տառապին իրենց յոռետեսութենէն. ,ինչո՞ւ յուսահատիլ: Քու տկարութիւններո՞ւդ, ձախողութիւններո՞ւդ կամ տխուր լուրի մը պատճաուաւ: Պա՛րզ եղիր, սիրտդ բաց: Ապաստանէ՛ Աստուծոյ սիրոյ մէջ քանի որ Տէրը քու սիրալիր Հայրդ է: Ահա քու վստահութիւնդ: Անկարելի բան չկայ Աստուծոյ համար: Ան քեզ զօրաւոր ստեղծեց, քեզի հաւատքի շնորհքը տուաւ եւ իր սիրոյն ոյժը պարգեւեց: Այսպիսով է որ իսկական ուրախութիւնը, զօրութիւնը, լաւատեսութիւնն ու յաղթանակը կը գտնես:







All the contents on this site are copyrighted ©.