Լոնտոնի Մէջ Կայացաւ Երրորդ Ամենամեայ Հայկական Փառատօնը
Յուլիս 14-ին Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ երրորդ
ամենամեայ հայկական փառատօնը: Փառատօնը կազմակերպուած էր Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի
մէջ հայոց առաջնորդարանի կողմէն` ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ: Այս մասին կը
յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ-ն։ Փառատօնի բացմանը ելոյթ ունեցան Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանդայի
հայոց առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, ՄԹ-ի մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար
Արա Մարգարեան, բրիտանական համայնքներու պալատի պատգամաւոր Սթիւեն Փաունդ, Եւրոպական
խորհրդարանի պատգամաւոր Չարլզ Թանաք եւ Լոնտոնի Քէնսինգթոն եւ Չելսի թաղամասի փոխքաղաքապետ
Սեմ Մքովեր: Փառատօնի հարիւրաւոր մասնակիցները վայելեցին հայկական երաժշտութիւն ու
պարեր, համտեսեցին հայկական ճաշատեսակներ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան տարբեր ձեռնարկներու:
Առանձին տաղաւարներով ներկայացուած էին շարք մը բրիտանահայ համայնքային կազմակերպութիւններ`
այցելուներուն տեղակատւութիւն տրամադրելով՝ իրենց աշխատանքի, Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ: