2013-07-16 11:37:07

Եւրոպայի Ժողովրդապետութիւններու 27-րդ Խորհրդաժողովը


7-12 յուլիս Մալթայի Մելիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ժողովրդապետութիւններու 27-րդ ժողովը, որուն մասնակցեցան 13 երկիրներէն եկած 125 հոգեւորականներ, ունենալով որպէս բնաբան. ''քրիստոնեաներ Եւրոպայի կերտումին ի խնդիր։ Հաւատքի քաջութիւնը ներկայ ընկերութեան համար''։ Ժողովականները իրենց խորհրդակցութիւններու աւարտին այն եզրակացութեան հասան որ քրիստոնեանենրը որպէս քաղաքացիներ կանչուած են իրենց սատարը բերելու ''Եւրոպայի ծրագրին''։ Ներկայ Եւրոպան ունի որպէս յատկանիշ մշակոյթի ու կրօնի բազմազանազութիւնը։ Ժողովրդապետութիւնները կանչուած են իրենց սատարը բերելու միասնաբար ապրելու եւ հրաւիրելու իրենց քաղաքացիները քրիստոնեաբար ապրելու։ Ժողովականները մասնաւորապէս սերտեցին Պօղոս առաքեալը` աւետարանութեան ռահվիրան, որ Յարուցեալ Քրիստոսի հետ ունեցած փորձառութենէն ետք ամբողջ կեանքը նուիրեց Քրիստոսը ճանչցնել բոլոր հեթանոսներու։ Պօղոս առաքեալը կը հանդիսանայ տիպարը հաւատքի քարոզութեան։ Ժողովականները նաեւ ընդգծեցին ընտանիքին կենսական դերը աւետարանի պատշաճացումին առօրեայ կեանքին։ Խորհրդաժողովին աւարտին ժողովականները ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի Դա Բինու սրբավայրը. Կոզօ կղզիին մէջ։ Յառաջիկայ Եւրոպայի ժողովրդապետութիւններու խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ ֆրանսայի Լիզիը քաղաքը 5-10 յուլիս 2015-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.