2013-07-16 11:55:53

Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ի Պատիւ Երեք Ցուցահանդէսներ Կը Կազմակերպուին ֆրանսայի Զանազան Մարզերուն Մէջ, Նախաձեռնութեամբ ''Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ի Նպաստ Բարեսիրական Մարմնին''։


''Արեւելքի քրիստոնեաներու ի նպաստ բարեսիրական մարմինը'' 2013 ամարը նուիրած է Արեւելքի քրիստոնեաներու։ Նախաձեռնութիւնը կը նախատես է շրջուն երեք ցուցահանդէսներ ֆրանսայի զանազան մարզերու մէջ։ Ասիկա առիթ մը կը հանդիսանայ մօտէն ճանչնալու արեւելqցի քրիստոնեաները։
Յայտնենք որ ''Արեւելքի քրիստոնեաներու ի նպաստ բարեսիրական մարմինը ներկայ է 23 երկիրներու մէջ եւ անոր առաքելութիւնն է. դաստիարակութիւն, առողջապահութիւն եւ նիւթական, մշակութային ու հովուական օգնութիւն։ Այս մարմինը նաեւ օգնութեան կը հասնի Արեւելքի եպիսկոպոսներու ու 60 կրօնաւորական միաբանութիւններու։ Հիմնուած 1856-ին անոր նպատակը եղած է լաւագոյնս ճանչցնելու Արեւելքի քրիստոնեաները։
ֆրանսայի զանազան մարզերու մէջ շրջող երեք ցուցհանդէսներու նիւթերն են. առաջին` Եկեղեցւոյ ծնունդը սկսեալ Երուսաղէմէն։ Այս ցուցահանդէսը կը պարզէ Արեւելեան եկեղեցիները, ծէսերը` ղպտի, ասորի, հայ, գաղտիացի, մելքիթ, մարոնի մալաքա ու մալապար։
Երկրորդ` Հայաստանը լեռներու հաւատքը - Հայաստանը եղաւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը։ Աւետարանը արմատ կը հաստատէ Հայաստանի մէջ եւ ի գին բոլոր դժուարութիւններու` հալածանք, նահատակութիւն, ցեղասպանութիւն քրիստոնեայ Հայաստանը ուժգնօրէն կը դիմադրէ ու կը գոյատեւէ։
Երրորդ` ղպտի եկեղեցին։ Այս ցուցահանդէսով կարելի է մօտէն ճանչնալ ղպտի եկեղեցւոյ պատմութիւնը, լեզուն, մշակոյթը ու ծէսը։ Աւելի քան 10 միլիոյն քրիստոնեայ ղպտիներ կը շարունակեն քրիստոնէութիւնը շողարձակել իսլամ աշխարհին մէջ։ Ղպտիները կամ Նիլի քրիստոնեաները ժառանգորդներն են փարաւոներու եւ եղած է Աստուածաշունչի մեծ պատրիարքներու հողը։







All the contents on this site are copyrighted ©.