2013-07-16 08:53:55

Անգարայի Եւ Անտիոքի Մէջ Հակակառավարական Ցոյցերը Կը Շարունակուին


Թուրքիոյ մէջ հակակառավարական ցոյցերու ալիքը կը շարունակուի: Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Անտիոք քաղաքներուն մէջ գիշերը անհանգիստ եղած է: «Արմենփրես»` վկայակոչելով «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը, կը հաղորդէ, որ երկու քաղաքներուն մէջ ալ դէպքերուն միջամտած է ոստիկանութիւնը:
Անտիոքի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ժամանակ մասնակիցները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ոստիկանութեան գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք հերթական ցուցարարի` Ալի Իսմայիլ Քորքմազի զոհուելուն առնչութեամբ:
Բողոքի ցոյցին անգամ մը եւս միջամտած է ոստիկանութիւնը, որ ցուցարարներուն կողմէ դիմաւորուած է քարերով եւ երկաթներով, որմէ ետք ոստիկանութիւնը սկսած է օգտագործել ջրաշիթ մեքենաներ, ցուցարարները այրած են իրենց կառուցած պատնէշները:
Անտիոքի մէջ ցոյցերը արդէն չորրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուին: Ալեքսանտրէթի նահանգապետ Ճելալէտտին Լեքսիզ յայտնած է, որ այս օրերուն ընթացքին արձանագրուած է 25 վիրաւոր, որոնց շարքին են նաեւ ոստիկաններ:
14 յուլիսի գիշերը անհանգիստ եղած է նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ արձանագրուած բախումին իբրեւ արդիւնք երկու անձեր ձերբակալուած են:
Նշենք, որ 28 մայիսին ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ ընթացք առած բախումներուն իբրեւ արդիւնք մինչեւ այժմ արձանագրուած է 6 զոհ եւ աւելի քան 7500 վիրաւոր: Ըստ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն, մինչեւ օրս տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերուն Թուրքիոյ 79 շրջաններէն մասնակցած է 2.5 միլիոն մարդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.