2013-07-16 08:49:45

«Միացեալ Նահանգներ Գերմանական Հողին Վրայ Պէտք Է Յարգեն Գերմանական Օրէնքները» Կ՛ըսէ Մերքել


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, մեկնաբանելով «Սնոուտընի գործը», յայտնած է, որ Գերմանիա առաջարկած է հաստատել տուեալներու պաշտպանութեան եւրոպական համաձայնագիր մը, որ հեռահաղորդակցութեան ընկերութիւններուն պիտի պարտադրէ մանրամասն հաշուետուութիւններ ներկայացնել իրենց ծառայութեան մասին:
Մերքել աւելցուցած է, որ ելեկտրոնային «լրտեսութիւնը» պէտք չէ ոտնահարէ քաղաքացիներու իրաւունքները:
«Գերմանիան Միացեալ Նահանգներու հետ կը համագործակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, իսկ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու գործողութիւնները ուղղուած են ահաբեկչութիւնները կանխարգիլելու, սակայն Միացեալ Նահանգներ գերմանական հողին վրայ պէտք է յարգեն գերմանական օրէնքները», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը:
Ըստ Մերքելի, թեքնիք առումով հաւանական բոլոր գործիքները եւ ձեւերը պէտք չէ օգտագործուին, որովհետեւ այդ պարագային «նպատակը միջոցները չ՛արդարացներ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.