2013-07-15 12:39:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Առաջին Առաքելական Ճամբորդութիւնը։ Պրազիլ 22 - 29 Յուլիս 2013:


Յառաջիկայ 22 - 29 յուլիս ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը կը կատարէ դէպի Պրազիլ, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։

Յուլիս 22-ի առաւօտեան, հռոմի ժամով 8,45-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմի ֆիումիչինօյի օդակայանէն Ալիթալիայի թռիչքով կը մեկնի դէպի Պրազիլ եւ 12 ժամ թռիչքէ ետք կը ժամանէ Րիո Տէ Ժանէյրօյի ''Անթոնիօ Գարլոս Ժոպիմ'' օդակայան ուր զինք կը դիմաւորեն Պրազիլի Նախագահ` Տիկ Տիլմա Րուսսէֆ եւ այլ քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններ։ Րիոյի օդակայանէն Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուի Րիոյի Կառավարական Պալատ ուր տեղի կ՛ունենայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պաշտօնական ընդունելութիւնը եւ ուր Նորին Սրբութիւնը կ՛արտասանէ առաքելական ճամբորդութեան իր առաջին Ճառը։ Յայտնենք որ ֆրանչիկոս Պապը 3րդ քահանայապետն է որ Պրազիլը կ՛այցելէ։

Չորեքշաբթի 24 յուլիսի առաւօտեան ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Մարեմեան ''Աբարէսիտա'' Սրբավայրը որ Րիոյէն 240 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ ուր Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի Զոհը։ Յետ միջօրէին Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ Աստուածային նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան հիւանդանոցը որ կը զբաղի Սիտայի ախտի հիւանդներու խնամակալութեամբ։

Հինգշաբթի 25 յուլիսին ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ Սրբազան Հօր Րիոյ Քաղաքին բանալիներուն յանձնումը եւ 2014-ի Ողիմպիական Խաղերու դրօշակներու օրհնութիւնը ու ապա այցելութիւն Րիոյի Մանկինիոս ''ֆավէլայի'' ն ուր նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը հոն ապրող աղքատներուն հետ։ Յետմիջօրէին Գոբագապանայի ծովափին վրայ տեղի կ՛ ունենայ Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումը երիտասրդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ մասնակից` աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ վայրերէ ժամանած միլիոնաւոր երիտասարդներուն հետ։

Ուրբաթ 26 յուլիսին Նորին Սրբութիւնը խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ մի քանի երիտասարդներուն ու ապա կը հանդիպի երիտասարդ բանտարկեալներուն։ Ժամը 12-ին Րիոյի առաջնորդարանի կեդրոնական պատշգամէն կ՛ արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու ապա հանդիպում կ՛ունենայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներուն եւ բարերարներուն հետ։ Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը, երիտասարդներու մասնակցութեամբ, կը նախագահէ ''ճանապարհ խաչի''ի բարեպաշտական արարողութիւնը։

Շաբաթ 27 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին ֆրանչիսկոս Պապը Րիոյի Սան Սէպասդեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը` երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասնակցող եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին հետ միասին, ապա ժամը 11,30-ին կը հանդիպի Պրազիլի քաղաքական եւ պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։ Մինչ երեկոյեան Րիոյի արեւմտեան շրջանը գտնուող Կուարադիպայի '''Գամբուս ֆիտէյ - Հաւատքի Դաշտ'' տարածքի վրայ տեղի կ՛ունենայ երիտասրադութեան համաշխարհային օրուայ աւանդական աղօթքի հսկումը։

Կիրակի 28 յուլիսին միշտ Կուարադիպայի '''Գամբուս ֆիտէյ'' տարածքի վրայ, ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ բացօթեայ սուրբ պատարագի եզրափակիչ արարողութիւնը ու ապա նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին, սովորութեանհամաձայն, կը հռչակէ յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հաւաքի վայրն ու թուականը։

Յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդի անդամներուն եւ 17,30-ին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան երիտասարդ կամաւորներուն։

Երեկոյեան ժամը 18,30-ին Րիո Տէ Ժանէյրօյի ''Անթոնիօ Գարլոս Ժոպիմ'' օդակայանին մէջ տեղի կ՛ ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք ֆրանչիսկոս Պապը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը աւարտելով Պրազիլ կատարած հովուական այցելութիւնը Ալիթալիայի թռիչքով, 11 ժամ եւ 30 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, կը ժամանեն Հռոմ` յուլիս 29-ի առաւօտեան ժամը 11,30 (Հռոմի ժամով)։

Յայտնենք թէ Պրազիլի այս հովուական ճամբորդութիւնը ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան առաքելական միջազգային առաջին ճամբորդութիւնն է ու մատնանշենք թէ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը 4 անգամ այցելած է Պրազլիլը իսկ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը` երկիրը այցելած էր 2007-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.