2013-07-15 10:31:11

Թուրքիոյ Մէջ Բիւզանդական Շրջանէն Մնացած Եկեղեցին Մատնուած է Բախտի Քմահաճոյքին


Թուրքիոյ Եալովա շրջանի Չիֆթլիքքէօ գաւառին մէջ բիւզանդական շրջանէն մնացած Քարա եկեղեցին ձգուած է անմխիթար վիճակի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով թրքական haberx.com-ը:
Գաւառի բնակիչները, իրենց անհանգստութիւնը յայտնելով այն փաստին առիթով, որ եկեղեցին ամէն օրուան հետ աւելի կը քանդուի, նշած են, որ վերանորոգելու պարագային անիկա մեծապէս կրնայ խթանել Եալովայի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: “Չիֆթլիքքէօ գաւառի այս կառոյցը ինչու մատնուած է բախտի քմահաճոյքին: Արդէն այս վայրն ալ պէտք է վերանորոգուի”,- նշած են տեղացիները` արձանագրելով, որ տարածաշրջանինմէջ գտնուող մզկիթները արդէն վերականգնուած են:
Քարա եկեղեցին կառուցուած է բիւզանդական ժամանակաշրջանին: Թէեւ անիկա դեռ կանգուն է, սակայն ամէն օր կանգնած է վերանալու վտանգին առաջ: Չնայած այդ հանգամանքին` թրքական իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլ կը ձեռնարկեն եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ վերականգնման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.