2013-07-14 12:08:17

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Գասդել Կանտոլֆոյի Ամարանոցէն։
''Աղօթենք ՃՄՃ-ի Մասնակիցներուն Համար''։


Կիրակի 14 յուլիսին առաւօտ կանուխէն հռոմէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Գասդել Կանտոլֆոյի փոքրիկ գիւղաքաղաքի հրապարակը լեցուն էր բազմահազար իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներով եւ ուխտաւորներով որոնք խուժած էին Գասդել Կանտոլֆոյ հանդիպելու համար Սրբազան Քահանայապետին, որ ժամանած էր պաշտօնական այցելութեամբ, ու անոր հետ միասին աղօթելու Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Քահանայապետական պալատի կեդրոնական դուռի սեմէն նախ քան Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանելը Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած` օրուան սուրբ գրային ընթերուցմէն, Ղուկասի աւետարանի 10րդ գլուխէն, ուր կը խօսուի բարի սամարացի առակի մասին։
Բարի սամարացին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ուրիշի հանդէպ սիրոյ արտայայտութեան օրինակն է։ Ու ակնարկեց` Հիւանդներու եւ Հիւանդապահներու պաշտպան` Սուրբ Գամիլլօ Տէ Լէլլիսին (մահացած 14 յուլիս 1614-ին) որուն տօնը կը յիշատակուի այսօր եւ որ խորապէս ապրեցաւ ''բարի սամարացիի'' աւետարանական օրինակը իր կեանքը եւ իր միաբանութեան առաքելութիւնը նուիրելով հիւանդներուն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու յառաջիկայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակիցներուն դիտաւորութեան որպէսզի ''Աբարէսիտայի Տիրամայրը'' Պրազիլի պաշտպան Սրբուհին առաջնորդէ մասնակիցներուն քայլերը եւ բանայ անոնց սրտերը ընկալելու համար Քրիստոսի անոնց փոխանցած առաքելութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, յատուկօրէն յիշելով Ուգրանիոյ Վոլինայի կոտորածներու 70 ամեակը ու Երկորդ համաշխարհային պատերազմի զոհերը, հայցելով հաշտութեան շնորհքը եւ անդորրութեան ու յոյսի ապագայ մը` կերտելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը։
Սրբազան Հայրը հուսկ ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբոպւած զանազան խումբերը ու ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.