2013-07-13 11:50:11

Մէկ Միլիոն Տոլարի Առողջապահական Օժանդակութիւն՝ Հայաստանին


Հայ բժիշկներու 11-րդ համաշխարհային համագումարին ծիրէն ներս Շաբաթ, Յուլիս 6-ին, կայացած ճաշկերոյթին ընթացքին, առողջապահական «Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ» ընկերութեան հիւանդանոցային բաժանմունքի տնօրէն Մայք Սարեան յայտարարեց, թէ ընկերութիւնը որոշած է մէկ միլիոն տոլարի առողջապահական օժանդակութիւն փոխադրել Հայաստան: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը:
«Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ»-ը նաեւ «Ոսկի» մակարդակի հովանաւոր մըն է Հայ բժիշկներու 11-րդ համաշխարհային համագումարին:







All the contents on this site are copyrighted ©.