Հրիսթէա. «Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Բանակցութիւնները Նոր Թափ Ստացած Են»
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէա Եւրոպական
Միութեան խորհրդատուական խմբակի խորհուրդին երէկ տեղի ունեցած հերթական 13-րդ նիստին
ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի
եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները նոր թափ
ստացած են: Հրիսթէա յայտնեց, որ Շթեֆան Ֆիւլէի Հայաստան այցելութիւնը նոր թափ հաղորդեց
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ արդէն իսկ աշխուժօրէն ընթացող երկխօսութեան եւ
համագործակցութեան: Ըստ անոր, այցելութիւնը վերստին ցոյց տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը
պատրաստ է օժանդակելու եւ խթանելու Հայաստանի մէջ իրականացուող համապարփակ բարեփոխումները: Հայաստանի
Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստանի
եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին աշխուժօրէն կը զարգանան: «Վերջերս
ստորագրուած են այցեգիրերու դիւրացման եւ վերընդունման մասին համաձայնագիրները, ինչ որ
չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի քաղաքացիներուն համար», յայտնեց Բաղդասարեան: Հայաստանի
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ընդգծեց, որ յաջողութեամբ կ՛ընթանան Խոր
ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, դրական զարգացումներ
արձանագրուած են ապահովութեան, արդարադատութեան, ազատութեան մարզերուն մէջ: Ան նշեց,
որ Ֆիւլէի այցելութեան ժամանակ արձանագրուեցաւ, որ էական յառաջընթաց կայ եւ մօտեցած ենք
28-29 նոյեմբեր 2013-ին Վիլնիուսի մէջ նախաստորագրելու Ընկերակցութեան համաձայնագիրը,
հետեւաբար խորհրդատուական խմբակը մեծ աշխատանքներ ունի կատարելիք յառաջիկային: Բաղդասարեանի
եւ Հրիսթէայի համանախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին մասնակցած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներ
Հայաստանի նախագահի գրասենեակէն, կառավարութենէն եւ Ազգային ժողովէն, ներկայացուցիչներ
Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանատուներէն, միջազգային կազմակերպութիւններէն
եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրէն: