Իրաւ է որ յարութիւն առնող մարմինները, գոյացութեամբ միեւնոյն մարմինները պիտի ըլլան,
զորս մահը փոշիացուցած պիտի ըլլայ. սակայն, պէտք է լաւ գիտնալ որ անոնց վիճակը յստակ
կերպով տարբեր պիտի ըլլայ: Մեր մարինները, որ առաջ մահկանացու էին, պիտի ըլլան անմահ,
յարութեան առաջին վայրկեանէն սկսեալ, առանց զանազանութեան բարիներու եւ չարերու: Սքանչելի
վերանորոգում մեր բնութեան, զոր կը պարտինք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի յաղթութեան` մահուան
վրայ: Սուրբ Գիրքը յստակ է այս կէտին շուրջ. « Վերջնականօրէն պիտի բնաջնջէ մահը»,
կ՛ըսէ Եսայի` Յիսուսի Քրիստոսի մասին (ԻԵ. 8): Ս. Պօղոս այս խօսքերը բացատրելով,
չի վարանիր ըսելու` թէ «բոլոր միւս թշնամիներէն ետք, մահն անգամ պիտի բնաջնջուի»: Ս.
Յովհաննու մէջ կը կարդանք. «Այլեւս մահ պիտի չ՛ըլլայ (Յայտն. 31, 4 ): Գերազանցօրէն յարմար
էր, որ Յիսուսի Քրիստոսի արդիւնքները, որոնք կործանեցին մահուան կայսրութիւնը, ըլլային
անհունօրէն ազդեցիկ եւ հզօր քան Ադամի մեղքը: Ասկէ զատ, Սուրբերու մարմինները որոշ
առանձնաշնորհութիւններ պիտի ունենան, Յարութենէն յետոյ, որոշ շատ փայլուն յատկութիւններ`
որոնք զանոնք առաջուընէ աւելի գեղեցիկ պիտի դարձնեն: Մեր հայրերը չորս գլխաւոր յատկութիւններ
կը թուեն, հետեւելով Ս. Պօղոսին վարդապետութեան: Առաջին. Անչարչարելիութիւնը, որ զանոնք
պիտի պահպանէ ամէն տեսակ չարիքէ ու ցաւէ, մէկ խօսքով` ամէն անհաճոյ բաներէ: Անոնց պիտի
չկարենայ վնասել ո՛չ պաղին սաստկութիւնը, ո՛չ կրակին տաքութիւնը եւ ո՛չ ալ ջուրերուն
ուժգնութիւնը: Մարմինը կը ցանուի ապականացու, կ՛ըսէ առաքեալը, եւ պիտի վերականգնի անպայման:
Աստուածաբանները «անապականութիւն» բառին փոխարէն գործածած են անչարչարելիութիւն բառը,
որովհետեւ այս բառը յարմար է փառաւորեալ մարմիններու: Դատապարտեալները, իրենք ալ պիտի
ըլլան անապական, բայց ոչ անչարչարելի. անոնց մարմինները պիտի տառապին տաքէն, պաղէն եւ
ուրիշ անթիւ տանջանքներէ: Երկրորդ. պայծառութիւնը, որ սուրբերուն մարմինները արեւուն
պէս փայլուն պիտի դարձնէ: Մեր Տէրը այս մէկը յստակօրէն կ՛ըսէ Ս. Մատթէոսի մէջ. « արդարները
արեւուն պէս պիտի փայլին իմ Հօրս թագաւորութեան մէջ»: (ԺԳ, 43): Եւ որպէսզի ամէն տարակոյս
փառատէ այս կէտին շուրջ, իր առաքեալներուն առջեւ կը Պայծառակերպուի: Արդ, այլ փայլը ճառագայթ
մըն է, այն գերագոյն երջանկութեան, որ պիտի համակէ ամբողջ մարմինը. մարմինն ալ պիտի երջանկանայ
հոգւոյն երանութեամբ, ինչպէս որ հոգին կ՛երջանկանայ` Աստուծոյ երանութեան մասնակից ըլլալով:
Երրորդ. արագութիւնը, որ մարմինը պիտի ազատէ ծանրութենէն, որ վրան կը ճնշէ: Այսպէս,
մարմինը պիտի կարենայ երթալ ուր որ հոգին ուզէ, աներեւակայելի դիւրութեամբ եւ արագութեամբ: Չորրորդ.
նրբութիւնը, որով մարմինը բոլորովին հպատակ պիտի ըլլայ հոգիին. պիտի ըլլայ անոր ծառան,
միշտ պատրաստ հնազանդելու ամենափոքր հրամանին: Այս ճշմարտութիւնը զայն կը հաստատէ Ս.
Պօղօս առաքեալ. « ինչ որ կը ցանուի հողին մէջ` կենդանական մարմին մըն է, եւ ինչ որ յարութիւն
պիտի առնէ` հոգեւոր մարմին մըն է (Ա. Կոր. ԺԵ, 44):