2013-07-12 11:15:38

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքի Ռամատանի Առթիւ Իսլամներուն Յղած Պատգամը ։


Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` գերերջանիկ ֆուտ Թուալ, յուլիս 10-ին, շնորհաւորական պատգամ մը յղած է Իսիլամներուն` Ռամատանի տօնին սկիզբի առթիւ։
Սուրբ Երկրի կղերական դասի եւ հաւատացեալներուն հետ միասին, Պատրիարքը ուզած է մօտիկութիւն յայտնել Իսլամ հասարակութեան իրենց այս ''աղօթքի եւ ծոմապահութեան'' տօնին առթիւ։
''Միջին արեւելքի մը մէջ, լի ցաւալի եւ դաժան իրադարձութիւններով - գրած է Պատրիարքը իր պատգամին մէջ - կ՛աղերսենք Աստուծոյ որպէսզի օգնէ մարդիկը իրար զիրար յարգելու եւ զգուշանալու ատելութեան եւ անարդարութեան օրէնքներէն։ Պատրիարքը յատուկէն կ՛ակնարկէ Սուրիոյ ու այն մանուկներուն որոնք իրենց 3րդ Ռամատանը կ՛ապրին պատերազմի մէջ։ Թուալ Պատրիարքը ապա կը միանայ Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր քարտուղարի ''Ռամատանի տօնին առթիւ զինադադարի'' կոչին։ Ան ապա խաղաղութեան պատգամ կը կ՛ուղղէ բոլոր Միջին Արեւելքի երկիրներուն որոնք լարուածութեան մէջ կ՛ապրին յատկապէս Եգիպստոին ու Լիբանանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.