2013-07-12 11:44:17

Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Արհ. Գուսա Եպիսկոպոսին Շնորհաւորագրերը Րամատանի Առթիւ


9 յուլիս 2013-ին, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ գերպծ. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա Րամատանի առթիւ շնորհաւորագրեր յղած է Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ՝ Ատլի Մանսուրին, հանրապետութեան Միւֆթի՝ Շաուքի Իպրահիմ Ապտըլ Քարիմին եւ շէյխ Ազհար՝ Իմամ Ահմատ Թայյէպին, յայտնելով իր բարեմաղթանքները Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Ինչպէս նաեւ, 4 յուլիս 2013-ին, արհի. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա շնորհաւորական նամակ մը ուղղած է Եգիպտոսի հանրապետութեան նորանշանակ նախագահ՝ Ատլի Մանսուրին՝ մաղթելով անոր իմաստութեամբ ու շրջահայեցութեամբ դրոշմուած պաշտօնաշրջան մը՝ ի խնդիր Եգիպտոսի խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան վերականգնումին







All the contents on this site are copyrighted ©.