2013-07-11 12:30:20

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Հաւատքի Լոյս'' Շրջաբերական Թուղթը Մեծ Ընդունելութիւն Գտած Է ֆրանսախօս Մամուլի Մօտ։


''Հաւատքի Լոյսը'' ընդդէմ ժամանակակից ուշաթափութեան։
ֆրանսախօս մամուլը մեծ շահագրգռութեամբ դիմաւորեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Հաւատքի լոյսը'' շրջաբերական թուղթը որ լոյս տեսաւ անցեալ 5 յուլիս 2013-ին։
Մեկնաբաններու գնահատումով Շրջաբերական թուղթը սիրոյ տաղ մըն է։ Արդարեւ - կը գրէ Լա Գրուայ օրաթերթի լրատու` Ստեփան Լըմըսան - ''սէր'' բառը 146 անգամ կը կրկնուի իսկ ''յոյս'' բառը 14 անգամ։ Այս երկու բառերը ընդհանրապէս քով քովի կը գտնուին ու կը մատնանշեն որ առանց սիրոյ մեր հաւատքը ունայն է։ Կարելի չէ ապրիլ հաւատքը առանց սիրելու։ Հաւատքը մարմնացումն է սիրոյ։
ֆիկարօ օրաթերթի լրատու` Ժան Մարի Կէնուա դիտել կու տայ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ''Հաւատքի լոյս'' շրջաբերական թուղթը ցոյց կու տայ որ հաւատքը կը ծառայէ լուսաւորելու մարդու կեանքը եւ մասնաւորապէս անոր իմացականութիւնը ու աշխարհի ըմբռնումը։
Լը Մոնտ օրաթերթի լրատու Ստեփան լը Բրայի համար ''Հաւատքի լոյս'' շրջաբերական թուղթով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը բնորոշէ քրիստոնէական հաւատքը որպէս ծառայութիւն ընդհանուրի բարիքին, հետեւաբար ոչ մէկ կապ ունի ծայրայեղութեան հետ։ Շրջաբերական թուղթը կը քննադատէ յարաբերականութիւնը ու անհատապաշտութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը ցաւ կը յայտնէ որ մեր ժամանակակից մարդիկը կը մտին ընդունիլ որպէս միակ ճշմարտութիւն ճարտարարուեստի` 'թեքնոլոկիայի' ճշմարտութիւնը։ Շրջաբերական թուղթը կը սահմանէ ընտանիք բառը որպէս մնայուն միութիւն` պսակը այրի եւ կնոջ միջեւ։
''Ազատ Պելկիա'' օրաթերթը Քրիստեան Լաբորդի ստորագրութեամբ յօդուածին մէջ ի յայտ կը դնէ ''Հաւատքի լոյս'' շրջաբերական թուղթին մէջ թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ գործածած է ''քալել, կերտել, խոստովանիլ'' երեք բայերը։ Պարզ բառերով ասիկա հրաւէր մըն է ժամանակակից մարդոց դուրս գալու ուշաթափութենէն քանի ժամանակակից մարդը շատ մեծ վստահութիւն տուած է ճարտարարուեստին ու անհատի ենթակայական ճշմարտութիւններուն։ Երբ հաւատքը կը տկարանայ մարդկութեան հիմերը կը սկսին խախտիլ։







All the contents on this site are copyrighted ©.