2013-07-11 13:36:57

Հալէպ Ուղարկուած է Մեծ Քանակով Ալիւր եւ Վառելանիւթ


Հալէպի նահանգապետ Մուհամմատ Վահիտ Աքքատ հաստատած է, որ նահանգ հասցուած է մեծ քանակով ալիւր եւ վառելանիւթ: Ասիկա թոյլ պիտի տայ լուծելու բնակչութիւնը հացով ապահովելու խնդիրը: Կ’ենթադրուի նաեւ, որ Յուլիս 11-ին Հալէպ պիտի հասնին զանազան պարէնամթերքով քարաւաններ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ տեղեկատուական գործակալութիւնը: Նահանգապետը ընդգծած է, որ գրոհայիններու յանցաւոր գործունէութեան իբրեւ արդիւնք՝ Հալէպի մէջ ստեղծուած է բարդ իրավիճակ: Գրոհայինները նահանգին մէջ ոչնչացուցած է ուտեստեղէնի աւելի քան 1000 գործարան:
Համաձայն վերջին պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն՝ Հալէպի ալ-Ռաշիտին, ալ-Հալտիյա, Պուսթան ալ-Քասր թաղամասերու, ինչպէս նաեւ Սալահ-էտտին հրապարակի մօտակայքը՝ զինեալներու եւ կառավարական բանակի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ:
Մինչ այդ երկրի վարչապետ Ուաէլ ալ-Հալիքի Դամասկոսի մէջ իրականացուցած է տնտեսական յանձնաժողովի նիստ, ուր քննարկուած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին ներքին շուկային մէջ լայն սպառման ապրանքներու եւ պարենամթերքի գիներու բարձրանալը արգիլելուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.