2013-07-11 11:40:10

Եգիպտոսի Մէջ. Իսլամ Եղբայրներու Ղեկավարներու Ձերբակալման Գիր Հրապարակուեցաւ


Եգիպտոսի պետական դատախազութիւնը հրամայեց ձերբակալել եւ բերման ենթարկել Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր առաջնորդ Մոհամետ Պատիհը, շարժումի ղեկավարներէն Մոհամետ Պալթաժին, շարժումի քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Իսամ Օրիանը եւ շարք մը այլ ղեկավարներ` նախագահական պահակագունդի զօրանոցին առջեւ տեղի ունեցած բռնարարքները հրահրելու յանցանքով: Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած բռնարարքներուն ընթացքին աւելի քան 50 զոհ արձանագրուած էր: Իսլամ եղբայրներու բազմաթիւ անդամներ արդէն արգելափակուած են:
Դատախազութիւնը նաեւ հրամայեց վերոնշեալ դէպքի հարցով 206 անձեր արգելափակել եւ երկու հազար կինէ փրկագինով ազատ արձակել 446 այլ անձեր:
Մինչ այդ, Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուիի կազմելիք կառավարութեան: Ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի բանբերը յայտնած էր, որ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան եւս նախարարութիւններ պիտի առաջարկուի: Սակայն կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Մոհամետ Քամալ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «մենք երբեք նախարարաց խորհուրդին մաս պիտի չկազմենք, այնքան ատեն, որ Մուրսի իբրեւ նախագահ չէ վերադարձած»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Մուրսի կը գտնուի ապահով վայր մը, եւ անոր դէմ առայժմ ամբաստանութիւններ չեն ներկայացուած:
Երկրի ժամանակաւոր վարչապետ Պեպլաուի երէկ «Եոմ Սապեհ» օրաթերթին յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները սկսած են երէկ եւ կը նախատեսուի զանոնք աւարտել երկու կամ երեք օրէն` նշելով, որ նոր նախարարներու նշանակման համար նկատի պիտի առնուի փորձառութիւնն ու ատակութիւնը: Ինչ կը վերաբերի լուծարուած կառավարութեան մէջ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան շարք մը նախարարներու պահպանման կարելիութեան, ան ըսաւ, որ «այդ հարցը մինչեւ հիմա չքննարկուեցաւ»:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի ընդդիմադիր Փրկութեան ճակատը երէկ յետս կոչեց սահմանադրական հռչակագիրը մերժող իր յայտարարութիւնը:
Ընդդիմադիր «Թամարրոտ» շարժումը յայտարարեց, որ նախագահ Մանսուր սահմանադրական հռչակագիրը բարեփոխումներու ենթարկելու համաձայն գտնուած է:
Եգիպտական բանակէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ բանակը պատրաստ է տագնապէն դուրս գալու բոլոր առաջարկները քննարկելու, բացի Մուրսիի վերադարձէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.