2013-07-10 11:07:52

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրն Ու Աղօթքը Գանատայի Աղէտեալներուն։


''Ամենաբարի Աստուած զոհերը ընդունի իր լոյսին մէջ։''

Ի լուր Գանատայի քարիւղ փոխադրող գնացքի մահաբեր արկածին` Քեպէքի Լակ Մեկանդիկ շրջանին մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզեց ցաւակցական հեռագրով մը իր մօտիկութիւնը յայտնել զոհերու պարագաներուն եւ իր աղօթքը բարձրացնելով Ողորմած ու բարիգութ Տիրոջ` խնդրել որ զանոնք ընդունի իր լոյսին մէջ։
Սրբազան Հայրը Գանատայի եպիսկոպոսներուն ուղղած հեռագիրին մէջ իր համակրանքը կը յայտնէ բոլոր վիրաւորեալներուն, օգնութեան հասնողներուն ու զոհերու պարագաներուն, բոլորին տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.