2013-07-10 11:11:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 10 յուլիս 2013-ին Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի չ՛ունենար ամառնային շրջանի ընդմիջումի պատճառաւ որ պիտի տեւէ մինչեւ սեպտեմբերի սկիզբը երբ կը վերսկսին Սրբազան Քահանայապետի կանոնաւոր գործունէութիւնները։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը անցեալ երկուշաբթի 8 յուլիսին պատմական այցելութիւն մը կատարեց Իտալիոյ Լամբետուզա կղզի` հանդիպելու համար այնտեղ գտնուող գաղթականներուն ու անոնց հետ միասին աղօթելու բոլոր այն անհատնրեուն համար որոնք ''գաղթի ճանապարհորդութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին'' ու միեւնոյն ատեն, ինչպէս ըսաւ նոյնինքն քահանայապետը իր արտասանած քարոզին մէջ ''արթնցնելու խիղճերը, որպէսզի այն ինչ որ պատահեցաւ դարձեալ չկրկնուի։''։
Նշենք նաեւ որ յառաջիկայ կիրակի 14 յուլիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կիրակնօրեայ հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն ուր պիտի փոխադրուի ի քանի ժամուայ համար ու ապա պիտի վերադառնայ վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.