2013-07-10 08:31:18

«Մուրսի Պէտք Է Վերահաստատուի Իր Պաշտօնին Վրայ» Կ՛ըսէ Արընչ


Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ Թուրքիա Եգիպտոսի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու կամ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու ծրագիրներ չունի:
Եգիպտական բանակի միջամտութիւնը բուռն կերպով դատապարտելէ ետք Արընչ ըսաւ, որ Թուրքիա պիտի պահպանէ Եգիպտոսի մէջ տագնապին վերաբերեալ սկզբունքային եւ բարոյական հիմերու վրայ հաստատուած իր կեցուածքը: Ան նաեւ քննադատեց «իր ժողովուրդին վրայ կրակ բացող մտայնութիւնը»` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ եգիպտացի ժողովուրդին եւ ընտրուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի իր զօրակցութիւնը:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի հետ տնտեսական կապերուն վրայ եւ Եգիպտոսի տնտեսութեան վրայ յեղաշրջումին ունենալիք ազդեցութեան` Արընչ ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ կը գործեն բազմաթիւ թրքական ընկերութիւններ, որոնք 50 հազար եգիպտացիներու աշխատատեղիներ կ՛ապահովեն` աւելցնելով, որ ընկերութեան մը ելեւմտական հեռանկարին վրայ ժխտական ազդեցութիւնը նաեւ Գահիրէի տնտեսութեան պիտի վնասէ:
Արընչ վերահաստատեց թրքական կառավարութեան այն կեցուածքը, թէ Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսի պէտք է իր պաշտօնին վրայ հաստատուի եւ բոլոր ձերբակալուած ղեկավարները պէտք է ազատ արձակուին, որպէսզի քաղաքական լարուածութիւնը վերջ գտնէ: Ան աւելցուց, որ կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու համար ժամանակաւոր կառավարութիւն մը պէտք է կազմուի:
Թուրքիոյ փոխվարչապետը նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիա միջազգային կազմակերպութեանց, ներառեալ` Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական լիկային ու այլ երկիրներու կոչ ուղղած է ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Եգիպտոս ժողովրդավարութիւնը յարգէ եւ պաշտպանէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.