2013-07-10 08:36:12

«Իրան Կը Շարունակէ Սուրիոյ Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կոչ Ուղղել» Կ՛ըսէ Արաքժի


Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքժի Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման եւ բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան կոչ ուղղող իր երկրին կեցուածքը վերահաստատեց:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` պատասխանելով ֆրանսական կեցուածքի երկուութեան եւ Սուրիոյ տագնապին Իրանի միջամտութեան մասին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պնդումներուն, ան յայտնեց, որ «նախագահ Հասան Ռուհանիի ընտրութենէն ետք Արեւմուտքի հակազդեցութիւնները տարատեսակ էին, որովհետեւ արեւմտեան երկիրները Իրանի բնոյթին, միջազգային հարցերուն, ներառեալ` Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ անոր կեցուածքներուն վերաբերեալ առողջ եւ առարկայական վերլուծումէ զուրկ են»:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սուրիոյ բանակին եւ զինեալ ընդդիմութեան կոչ ուղղած է Ռամատան ամսուան ընթացքին զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու: Ան յիշեցուցած է, որ ըստ իսլամական օրացոյցի, Ռամատանը այն չորս ամիսներէն է, որոնց ընթացքին պէտք է բախումները դադրեցնել:
Պան Քի Մուն նշած է, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն լուրջ բանակցութիւններու շնորհիւ եւ իր կոչը կրնայ անիրական հնչել: Սակայն ան ընդգծած է, որ սուրիացիները ունին լիարժէք իրաւունք զինադադար պահանջելու անոնցմէ, որոնք կը վստահեցնեն, որ իրենց համար կը պայքարին: Ան կողմերուն նաեւ կոչ ուղղած է ձերբակալուած խաղաղ բնակիչները, մասնաւորաբար կիները եւ երեխաները ազատ արձակել:
Յիշեցնենք, որ կիրակի օր սուրիական ընդդիմութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին առաջարկած է Ռամատանի ընթացքին Հոմսի մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնել:
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Ազգային ապահովութեան գործակալութենէն հինգ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Քոնկրեսի մէջ յանձնախումբեր արգելք կը հանդիսանան սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրին` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ այդ զէնքերը կրնան իսլամ ծայրայեղականներուն ձեռքը անցնիլ:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան տեղեկահաւաքի յանձնախումբերը դռնփակ նիստերու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի այդ ծրագիրներուն նկատմամբ վերապահութիւններ յայտնած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.