2013-07-09 08:43:21

Վարդավառ՝ Տօն Պայծառակերպութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի


Յիսուսի Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է: Ան կը կատարուի Զատիկէն 14 կամ Հոգեգալուստէն 7 շաբաթ անց հանդիպող առաջին կիրակի օրը, այսինքն` ունի 35 օրուայ շարժականութիւն և կը տօնուի Յունիսի 28-էն մինչև օգոստոսի 1-ն ինկած ժամանակահատուածին մէջ: Եկեղեցին զայն կը տօնէ երեք օր շարունակ շքեղ հանդիսութեամբ, տօնական շարականներով, որոնք աւանդաբար կը վերագրուին Մովսէս Խորենացիին: Ըստ որոշ մասնագէտներու` Վարդավառի տօնը կապուած է Ջրհեղեղի և Նոյի` տապանէն իջնելու յիշատակին: Նոյ Նահապետը պատուիրեր է իր որդիներուն, ի յիշատակ ջրհեղեղի իրար վրայ ջուր թափել: Քրիստոնէութեան ընդունումէն յետոյ տօնը նուիրուած է Յիսուսի Քրիստոսի այլակերպութեան, երբ Ան Թաբոր լեռան վրայ երեւցաւ իր աշակերտներուն` պայծառացած կերպարանքով: Պայծառակերպութիւնը ժողովրդական լեզուով կը կոչուի Վարդավառ` Տիրոջ վարդի հետ համեմատելու պատճառով: Ինչպէս վարդը կոկոնի մեջ ծածկուած կ'ըլլայ նախքան բացուիլը, նոյնպէս մեր Տէրը նախքան պայծառակերպուիլը իր մեջ ունէր Աստուածութեան պայծառութիւնը, և ինչպէս վարդը բացուելով ամենուն յայտնապէս կ'երեւի, այդպէս ալ մեր Տէրը պայծառակերպուելով կը յայտնէ Իր Աստուածութիւնը:
Ինչպէս վարդը փուշերու մեջ կը բուսնի, այնպէս ալ մեր Տէրը հրեաներու մէջ երեւցաւ, որոնք խաչեցին զինք:
Վարդը անուշահոտութիւն կը բուրէ, այդպէս ալ մեր Տիրոջ պայծառակերպութիւնէն անուշահոտութիւն բուրեց, որմէ աշակերտները թմրելով ինկան քունի ծանրութեան տակ:
Վարդը քանի դեռ կոկոն է, ո՛չ իր գեղեցկութիւնը և ո՛չ ալ իր անուշահոտութիւնը կը յայտնէ, իսկ ժամանակի լրանալուն պէս կը փթթի և իր գոյնով ու անուշահոտութեամբ մարդոց կ'ուրախացնէ: Այսպէս ալ Քրիստոս կուսական արգանդին մէջ սնունդ առաւ ու զարգացաւ որպէս կոկոն և ապա ծնանելով աստղի ու հրեշտակներու աւետիսով յայտնուեցաւ մոգերուն ու հովիւներուն, իսկ հասնելով կատարեալ հասակին նշաններով ու սքանչելիքներով յայտնուեցաւ բոլորին:
Վարդավառը նաեւ հայոց ամենասիրուած, ամենաուրախ և յիշարժան տօներէն մէկն է, որովհետեւ ըստ հնագոյն առասպելներուն` հեթանոսական շրջանին, այն նուիրուած էր սիրոյ ու ջուրի հեթանոս աստուածուհի Աստղիկին, որ վարդաջրեր ցողելով և վարդեր նուիրելով, սէր կը պարգեւէր մարդոց:








All the contents on this site are copyrighted ©.