2013-07-09 11:37:22

Պապապաշտութիւնը Նուազումի մէ՞ջ


Նոր քահանայապետին ընտրութիւնը նորութիւններ ալ բերաւ։ Այն անջրպետը որ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը զատէր հանրութեան կարծիքէն՝ կարծես կը նուազի, շնորհիւ նոր պապին ժողովրդական եւ անսեթեւեթ վարուելակերպին։ Երկու անկախ չափանիշեր կ՚ընդգծեն այս մերձեցումը։ Նախ, չորեքշաբթի օրերու քահանայապետական ունկնդրութեան ներկաներու թիւը գրեթէ քառապատկուած է, 25.000 միջինէն հասնելով 100.000 անձի, եւ Ս. Պետոսի հրապարակը խռնուած ամբոխը միայն բարեպաշտ ուխտաւորներէ կամ զուտ կաթողիկէներէ չէ կազմուած, այլ մեծամասնաբար պարզ հետաքրքիրներէ, որոնք առինքնուած կը թուին նոր պապին անձնաւորութենէն, անոր հմայող պարզութենէն։ Երկրորդ. այսպէս ըսուած «Պապին Թուիթէրը», որ Բենեդիկտոս ԺԶ հարապարակ նետած էր երկու միլիոն մասնակցողներով, այժմ աւելի քան եռապատկած է իր ունկնդիրներուն թիւը, հասնելով եօթ միլիոնի, որ օրէ օր կ՚աճի։ Արդեօք նշա՞ն մը հաշտութեան՝ Եկեղեցիի եւ աշխարհի միջեւ։ Սակայն թերահաւատներու ալ թիւը պակաս չէ, որոնք կը նախատեսեն նուազումը այս «պապապաշտութեան»։ Միայն թէ, որքան ալ մակերեսային ըլլայ, կրնայ ասիկա մնայուն երեւոյթ մը դառնալ, վասնզի աւելի անձնական ապրելակերպի մը վրայ հիմնուած է քան թէ վարդապետութեան մը խորքին։
Նոր Պապը ի՞նչ ըրած է այս 100 օրերուն
Բացի քանի նը օրակարգային անուանումներէ, Փրանկիսկոս քահանայապետը նշանակալից որոշումներ չէ առած դեռ։ Միակը իր կարգադրութիւններէն որ կարեւորութիւն կրնայ ստանալ, այն է, որ մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմած է՝ բաղկացած ութ ծիրանաւորներէ, որոնք ընտրուած են ոչ թէ իրենց կազմակերպչական տաղանդին համար, այլ որպէսզի ներկայացնեն բոլոր ցամաքամասերը եւ Եկեղեցւոյ բոլոր ձգտումները։ Պապը անոնց վստահած է Վատիկանի վարչակազմին (Քիւրիի) նոր ձեւաւորումը, առանց սակայն ճնշման տակ դնելու, քանի որ անոնց առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ առաջիկայ հոկտեմբերին միայն։ Մերձաւորներու համաձայն, պապը կը խորհի կատարել «արմատական եւ խորազդեցիկ» շրջադարձումներ, ուստի, կը թողու որ ժամանակը հասունցնէ ծրագիրը։ Ներկայիս կը փորձէ թափանցել ամէն ծալքերուն եւ նրբութիւններուն այն վարչական Կազմակերպութեան, որմէ այնքան կը խրտչէր՝ ծիրանաւորներու մէջէն ամէնէն քիչ «հռոմէականն» ըլլալով։
Ո՞ր կէտերուն վրայ կը ծանրանայ իր արտայայտութիւններուն մէջ
Այս պապը Խօսքը կը գործածէ առատօրէն։ Ամէն առաւօտ՝ քարոզ մը, նամակներ ուղղուած բարեկամներու, նշմարներ ասդին-անդին, որոնք իվերջոյ կ՚արժանանան նաեւ հրատարակութեան։ Պէտք է շեշտել որ իր քարոզները կամ ճառերը կը բխին իր սեփական գրիչէն՝ մէկդի դնելով իր խմբագիրներու սպասարկութիւնը։ Ընդհանրապէս կը խօսի յնապատրաստից, ընդելուզելով շատ մը կարճ բայց շեշտակի ու դիպուկ կատողութիւններ, որոնք յաճախ վճիռի կամ պատգամի հանգամանք կը ստանան։ Այս Յիսուսեան նախկին կրօնաւորը ծնեալ քարոզիչ է, ոչ թէ տեսաբան աստուածաբան, խուցի մէ մէջ փակուած։ Կը միտի ցոյց տալ հայեցողական բնոյթը արարքին, գործին, իբրեւ միջոց արմատական դարձի եւ ապաշխարութեան։ Ճովաննի Մ. Վիան, պատասխանատուն «Ովսերվաթորէ ռոմանոյ»-ի, այսպէս կը համառօտէ քահանայապետի պատգամին չորս եզրերը.- «Աստուծոյ մասին խօսիլ՝ վերհանելով Անոր գութն ու ողորմածութիւնը. կոչ ուղղել իսկական քրիստոնէական յանձնառութեան մը. աշխատիլ՝ պարզացնելու իր սեփական անձն ու Եկեղեցին. խօսք ուղղել նաեւ անոնց, որոնք քրիստոնէութեան շրջագիծէն դուրս կը գտնուին»։ Միայն թէ, ներկայիս, Վատիկանի պատասխանատու շրջանակներն իսկ չեն գիտեր որոշակի, թէ պապը արտայայտուած է իբրեւ ա՞նձ, թէ իբրեւ կրօնապետական հեղինակութիւն։
Պապը ձախակողմեա՞ն է
Պուէնոս-Այրէսի տարիներուն, յետագայի պապը Փրանկիսկոս կը մեաղադրուէր այն հանգամանքով, որ ան նախընտրութիւն կու տար՝ ամէնէնէ խեղճ արուարձաններու մէջ գործող քահանաներուն։ Սքանչելի գիրքի մը մէջ որ վերջերս ֆրանսերէն ալ լոյս տեսաւ - «Ինչպէս երկինքը նոյնպէս եւ երկրի վրայ» -, անիկա այսպէս կը բացատրէ ինքզինք. «Վրանաքաղաքներու մէջ գործող քահանաները՝ խոր փոփոխութիւններ յառաջբերին եկեղեցական հեղինակութիւններու մտածողութեան եւ վարուելակերպին մէջ»։ Այլապէս ինքը ծանօթ էր Յիսուսեաններուն քով իբրեւ «աւանդապահ», եւ քահանայապետ ընտրուելէն իվեր՝ իր վարդապետական եւ բարոյական քարոզութիւնը որ շատ «դասական» է - կը համարձակի խօսիլ «սատանայի» գոյութեան մասին -, կը հանգստացնէ աւանդապահ շրջանակները։ Ուստի, պէտք է սպասել իր առաջին Շրջաբերականը «աղքատութեան» առնչութեամբ, աւելի ճշգրիտ գաղափար մը կազմելու համար այս պապի մասին, որ ունի ընկերխօսական իւրայատուկ հակումներ բայց որ կարելի չէ որոշ դասակարգի մը ենթարկել։
Ե՞րբ պիտի ձեռնարկէ գործնական արարքներու
Շատեր կը խորհին, թէ իր «կրակէ մկրտութիւնը» պիտի ընդունի իբրեւ քահանայապետ՝ համաշխարհային գետնի վրայ - եւ ոչ թէ միայն Հռոմ, ուր «աւելի իբրեւ ժողովրդապետ է քան քահանայապետ» -, առաջիկայ Համաշխարհային Երիտասարդական Օրերու ընթացքին (ԺիԷմԺի), Ռիո-տէ-Ժանէյրո, Պրազիլիա, ուր կը սպասուի Յուլիս 23-էն սկսեալ։ Այսպէս չէ՞ր եղած Բենեդիկտոս ԺԶ-ի պարագային, ընտրուած 2005-ին, եւ յաջորդող ամրան կը գտնուէր իր հայրենիճքի քաղաքը Քոլոնիա՝ նոյն Համ. Երիտ. Օրորու առիթով։
Ուրիշներ ալ դիտել կու տան, թէ այս Պապը իբրեւ հոգեւոր պետ՝ շատ «գործ» ըրած է արդէն՝ իր կեանքին, ապրելակերպին օրինակով առինքնելով «բազում ոչ-հաւատացեալներու սիրտերը», եւ այս չէ՞ միթէ Եկեղեցւոյ «իսկական» առաքելութիւնը։ Ուրիշներ ալ կը սպասեն իր արտայայտութիւնները Վատիկանի մէջ՝ «զեղծարարութիւններու-կաշառակերութիւններու» կամ ալ «համասեռականներու լոպիի» մասին։ Եւայլն, եւայլն։ Բայց այս ամէնուն համար հարիւր օր, կամ հազար օր իսկ, բաւակա՞ն են միթէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.