2013-07-09 11:26:34

Լիբանանի Ճատրակի Ախոյեանուհի Նանօր Արնէլեան Այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ


Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2013, կէսօրէ ետք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի ճատրակի ախոյեանուհի՝ Նանօր Արնէլեանը (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեանի բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի)։
Նշենք, որ Նանօր Արնէլեան, որ ծնած է 15 Փետրուար 2004-ին, 5 տարեկանին մասնակցած է ճատրակի մրցումներուն եւ ստացած իր առաջին մետալը:
Մինչեւ օրս՝ 9 տարեկանին, ան արդէն ունի 9 բաժակներ եւ բազմաթիւ մետալներ:

Նանօր Ճատրակի դասերու սկսած է հետեւիլ կանուխէն՝ ուսուցիչ ունենալով Պր. Էլի Հուլիշեանը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Ան հետեւած է նաեւ Պր. Գէորգ Կոստանեանի ճատրակի խմբային դասերուն Կերթմէնեան վարժարանին մէջ:

2012-ին, Notre Dame de Jamhour վարժարանին մէջ, Նանօր կը մասնակցի Լիբանանի ախոյեանութեան եւ կը հանդիսանայ 8 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգի Լիբանանի ախոյեան:
2012-ի 28 Օգոստոսէն մինչեւ 3 Սեպտեմբեր, Նանօր առիթը կ'ունենայ իր մասնակցութիւնը բերելու Յունաստանի մէջ ճատրակի Միջերկրականեան խաղերուն: Ան իր մրցումները կը կատարէ իրեն տարեկից եւ նոյնիսկ տարիքէն աւելի մեծ մրցակիցներու դէմ ու մրցումները կ՛աւարտէ յաղթանակով տիրանալով իր տարեկիցներու աղջկանց դասակարգին առաջնութեան:
2012-ին, 8 - 19 Նոյեմբեր «Մարիպոր»ի մէջ (Սլովենիոա) ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս անգամ ճատրակի Աշխարհի ախոյեանութեան: Աղջկանց 8 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեանուհին կը յաջողի բաւական տպաւորիչ մրցումներ կատարելով արձանագրել 4 երկիրներու դէմ յաղթանակներ՝ Ռուսիա, Քենիա, Նապիպիա եւ Գորէա:
2013-ին, դարձեալ կը մասնակցի ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներունէ եւ 10 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ կը հանդիսանայ ախոյեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.