2013-07-09 08:13:35

Եգիպտոսի Մէջ Կացութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ


Եգիպտոսի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցան զինեալ միջադէպեր, որոնցմէ մեծագոյնը մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ էր, ուր նախագահական պահակագունդին պատկանող զօրանոցի մը մօտ պատահած բախումի մը ընթացքին 51 զոհ եւ 322 վիրաւոր արձանագրուեցաւ: Ըստ Իսլամ եղբայրներուն, զոհերուն թիւը 53 է եւ անոնք սպաննուած են առաւօտեան նամազը կատարելու ընթացքին: Նշենք, որ բանակի շարքերէն սպաննուած է սպայ մը եւ 40 վիրաւորներ արձանագրուած են:
Իսլամ եղբայրները կը յայտնեն, որ իրենց անդամները զօրանոցին մօտ նստացոյց կը կատարէին, երբ իրենց վրայ կրակ բացուած է, սակայն եգիպտական բանակը յայտնեց, որ «ահաբեկչական խմբակ» մը փորձած է զօրանոց ներխուժել:
Կը կարծուի, որ Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսի վերոնշեալ զօրանոցին մէջ արգելափակուած է:
Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը եգիպտացիներուն կոչ ուղղեց դէպքին իբրեւ պատասխան ըմբոստութիւն մը շղթայազերծելու «ընդդէմ անոնց, որոնք կը փորձեն յեղափոխութիւնը իրենց հրասայլերով գողնալ»:
Կուսակցութիւնը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց «յաւելեալ ջարդեր կանխարգիլելու» համար միջամտելու եւ արգելք հանդիսանալու Եգիպտոսի` «նոր Սուրիոյ մը» վերածուելուն:
Նշեալ դէպքերը դատապարտումի ալիք մը բարձրացուցին: Սալաֆական «Նուր» կուսակցութեան ղեկավար Եունես Մախիուն յայտարարեց, որ «Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի հետ գործակցութիւնը դադրեցուցինք եւ որոշեցինք ճամբու քարտէսէն հեռանալ»:
Նախագահ Մանսուր դէպքին հետաքննութեան համար դատական յանձնախումբ մը կազմեց եւ ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, իսկ անոր բանբեր Ահմետ Մուսլումանի յայտարարեց, որ դէպքը կառավարութեան կազմութեան քայլերը պիտի չկասեցնէ:
Եգիպտոսի ընդդիմադիր Փրկութեան ճակատը իր կարգին պահանջեց արձանագրուած «ողբերգական» դէպքերուն շուրջ «անմիջական եւ արդար» հետաքննութիւն մը, որուն արդիւնքները «թափանցիկ» կերպով հանրութեան ներկայացուին:
Տիրող մթնոլորտին մէջ Ազհարի շէյխը ուղերձի մը ընթացքին ընդգծեց, որ «փոխանցման հանգրուանը պէտք չէ 6 ամիսէն աւելի երկարի»:
Եգիպտական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ շուրջ 200 անձեր ձերբակալուած են եւ անոնց մօտ զէնքեր, փամփուշտներ եւ հրավառ նիւթեր գտնուած:
Դատախազները նաեւ կարմիր մոմով կնքեցին Գահիրէի մէջ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր ոստիկանութիւնը զէնքեր յայտնաբերած էր:
Աւելի ուշ, ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը քաղաքականութեան պիտի չմիջամտէ, իսկ բանակին բանբերը ընդգծեց, որ որեւէ կողմ պիտի չլուսանցքայնացուի` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի ազգային ապահովութեան խաթարումը պիտի չարտօնենք:








All the contents on this site are copyrighted ©.