2013-07-08 12:34:15

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քարոզը Լամբետուզայի Կղզիի Մէջ Մատուցած Պատարագին Ընթացքին։


''Կայէն ու՞ր է եղբայրդ''

Լամբետուզայ կղզիին մէջ երկուշաբթի 8 յուլիսի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարգի զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապը բացագանչեց. ''Գաղթականներ խեղդամահ եղան ծովու մէջ, այդ լաստանաւերը փոխանակ ըլլալու յոյսի եւ փրկութեան` դարձան դժբախտաբար մահառիթ''։
Միքանի շաբաթներ առաջ երբ այդ ցաւալի լուրը առի, որ դժբախտաբար բազում անգամներ կրկնուած է, սիրտս ցաւով լեցուեցաւ եւ որոշում առի հոս գալ աղօթելու, իմ մօտիկութիւնս յայտնելու եւ յատկապէս արթնցնելու խիղճերը, որպէսզի այն ինչ որ պատահեցաւ նորէն չկրկնուի։

Սրբազան Հայրը ապա խորին ու անկեղծ երախտագիտութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց Լամբետուզայի ու Լինոզայի բնակիչներուն, կամաւորներուն, ապահովութեան ոյժերուն, որ ''մեծ հոգատարութեամբ օգնութեան կը հասնին փախստականներուն։''

Ան ապա խօսք մը ուղղեց նաեւ սուրբ արարողութեան մասնակցող մահմետական փախստականներուն, որ այս օրերուն Ռամատանի ծոմապահութիւն կը կատրեն, անոնց մաղթելով արդիւնաբեր հոգեւոր պտուղներ։ Եկեղեցին ձեզի մօտ է որպէսզի կարենաք ունենալ արժանավայել կեանք մը ձեզի եւ ձեր ընտանիքին։

Նորին Սրբութիւնը ապա յարեց` ''Իմ այսօրուայ խօսքս ներշնչուած է ս. գրային ընթերցումներէն։
''Ադամ ու՞ր ես'', եղաւ Աստուծոյ առաջին հարցումը ուղղուած մարդուն, անոր մեղանչելէն ետք։

''Ու՞ր ես''։ Մարդը իր դիրքն ու տեղը կորսնցուց արարչագործութեան մէջ, որովհետեւ կը կարծէր դարձած է հզօր, տէր ամէն բանի։ Ներդաշնակութիւնը խզուած է, մարդը սխալած է եւ այդ իրողութիւնը կը կրկնուի մարդկային յարաբերութիւններու միջեւ։ Եղբայրը կը դառնայ թշնամի, կը խանգարէ կեանքս, բարօրութիւնս։

Աստուած, եկրորդ հարցում մը կ'ուղղէ. ''Կայէն ու՞ր է եղբայրդ'' ։ Մարդու երազանքը դառնալու հզօր, Աստուծոյ նման մեծ, կ'առաջնորդէ զայն շարք մը սխալներու, որ կը դառնան շղթայ մը մահուան, կ'առաջնորդէ եղբայրներու արիւնայեղութեան։

Աստուծոյ այս երկու հարցումները այսօր եւս զօրաւոր կերպով կ'արձագանգեն։ Այսօր շատերը ուղեկորոյց են։ Ուշադիր չենք աշխարհին, ոչ իսկ ի վիճակի ենք խնամելու եւ պաշտպանելու արարչագործութիւնը, որ Աստուած ստեղծեց բոլորիս համար։ Ոչ իսկ կարող ենք պաշտպանել մէկը միւսը եւ երբ մոլորումը համաշխարհային ծաւալ կ'ունենայ կը հասնինք ողբերգութեան։

''Ու՞ր է եղբայրդ - անոր արեան ճիչը ինծի հասաւ'', կ'ըսէ Տէրը։ Այս հարցումը ուրիշին ուղղուած չէ այլ ուղղուած է մեզմէ ամէն մէկուն։ Խեղդամահ եղած մեր եղբայրներն ու քոյրերը կ'աշխատէին դուրս գալ դժուար կացութենէ մը, կը փնտռէին քիչ մը անդորրութիւն, խաղաղութիւն, լաւագոյն տեղ մը` իրենց ու իրենց պարագաներուն համար, սակայն անոնք գտան մահը։

Փախստականները անդորրութեան փոխարէն կը գտնեն անհասկացողութիւն, մերժում, անոնց ճիչը կը բարձրանայ դէպի Աստուած։

''Ու՞ր է եղբայրդ - ո՞վ է պատասխանատու այդ արեան։ Ոչ ոք եւ ամէնքս։ Սակայն Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին կը հարցնէ. ''Ու՞ր է եղբայրդ, անոր արեան ճիչը ինծի հասաւ''։ Այսօր ոչ ոք կը զգայ պատասխանատուութիւնը այդ ողբերգութեան, որովհետեւ կորսնցուցինք եղբայրական պատասխանատուութեան իմաստը։

Բարօրութեան մշակոյթը մեզ կը մղէ մենք մեզի մտածելով բաւարանանալու, մեզ անտարբեր ու անհոգ կը դարձնէ յաչս ուրիշին ցաւին։ Կարեւորը որ մենք լաւ ըլլանք։

Անտարբերութեան համաշխարհականացումը մեզ կը դարձնէ առանց անունի ու առանց դիմագիծի պատասխանատուներ։

''Ադամ ու՞ր ես''։ ''Ու՞ր է եղբայրդ''։ Երկու հարցումներ որ Աստուած արարչագործութեան սկիզբը կ'ուղղէ մարդուն եւ այսօր մեզի կ'ուղղէ։

Իմ կարգիս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ'ուզեմ երրորդ հարցում մը ուղղել. ''Մեզմէ ո՞ր մէկը լացաւ այս ողբերգութեան համար` այդ անհատներու համար որ եկած էին մարդավայել կեանք մը փնտռելու''։ Ընկերութիւն մըն ենք որ կորսնցուց փորձառութիւնը լացի եւ վշտակցութեան, համաշխարհականացումը անտարբերութեան։

Աւետարանին մէջ անսացինք աղաղակը, լացը ու մեծ ողբը. ''Հռաքէլ կ'ողբայ իր զաւակները ... որովհետեւ այլեւս չկան'' Հերովդէս մահ սփռեց պաշտպանելու իր բարօրութիւնը եւ այս եղելութիւնը տակաւին կը շարունակուի։

Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ, աշխարհի անգթութեան ու անոնց համար որոնք ընկերա-տնտեսական որոշումներով ճանապարհը կը հարթեն ողբերգութեան - ըսաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը- ու Քարոզը եզրափակեց աղօթք մը բարձրացնելով ամենագութ Տիրոջ ըսելով` ''Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։'' Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.