2013-07-08 11:39:41

Սրբազան Քահանայապետի Այցը Լամբետուզա ''Նոր Սկիզբ Մը''


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի յուլիս 8-ին հովուական այցելութիւն մը կատարեց Լամբետուզայի կղզիին, հանդիպելու համար այնտեղ ապաստան գտած գաղթականներուն եւ կոչ ուղղելու համայն աշխարհին` օգնութեան հասնաելու հարստահարուածներուն, փախստականներուն ու բոլոր անոնց որոնք զանազան պատճառներու համար կը թողուն իրենց մայրենի հողը` այլուր փնտռելու համար աւելի լաւ ապագայ մը։ Վերոյիշեալ ացելութեամբ Նորին սրբութիւնը ուզեց նաեւ յիշատակել ու աղօթել բոլոր այն այրերուն ու կիներուն դիտաւորութեան որոնք չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակակէտին եւ յոյսի ուղեւորութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Այցելութեան ընաթցքին Սրբազան Քահանայապետը միջերկրական ծովու ջուրերուն յանձնեց ծաղկեփունջ մը ի յիշատակ այդ ջուրերուն մէջ մահացած հազարաւոր անհատներուն ու ապա կղզիի բացօթեայ տարածքի վրայ մատոյց սուրբ պատարագի զոհը որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ ու գաղթականներ որոնց շարքին նաեւ մահմետականներ։

Սուրբ զոհի ընթացքին Նորին Սրբութեան օգտագործուած եկեղեցական սպասները եւ հովուական գաւազանը, իրագործուած են գաղթականներու նաւերէն առնուած տախտակներէն։

Ներգաղթի, փախստականութեան ու մարդավաճառութեան հարցերը եղած են ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւններէն մին։ Արդարեւ Ան իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Սուրբ Զատկուայ պատգամին մէջ մարդավաճառութիւնը ընդգծած էր որպէս ''20րդ դարու ամէնէն տարածուած ստրկութիւնը''։ Ան յաճախ դատապարտած է ''ստրկացնող աշխատանքը'' մեղադրելով աշխարհի մէջ միլիոնաւոր անհատներու արժանապատուութեան ''ոտնահարումը'', աշխարհի մը մէջ ուր աւաղ շատ անգամ - ըսած էր Քահանայապետը - ''դրամն է որ կը գերիշխէ''։
Իսկ 24 մայիս 2013-ին թափառաշրջիկներու եւ փախստականներու Հովութեան Քահանայապետական խորդուրդի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսած էր '' մի մոռնաք որ Քրիստոսի մարմինը կը գտնուի ապստանեալներւ մարմինին մէջ, անոնց մարմինը Քրիստոսի Մարմինն է։ Իր այս հովուական այցելութեամբ ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց իր ու եկեղեցաւոյ մօտիկութիւնը յայտնել բոլոր տառապեալներուն։ Եկեղեցի մը որ իրմէ դուրս կ՛ելլէ երթալու համար կարօտեալին օգնութեան ու միեւնոյն ատեն ուզեց հաւաքական պատասխանատուութեան կոչ մը ուղղել որպէսզի այս որղբերգրական իրողութեան լուծումներ գտնուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.