2013-07-08 10:11:01

«Զինեալ Միջադէպերուն Քաղաքական Հովանաւորութիւնը Մերժելի Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ հանդիսապետեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` շեշտելով, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերաբանական նպատակներու համար չէ, այլ համագործակցութեան եւ վկայութեան համար, ինչպէս ճշդած էր Պենետիկտոս ԺԶ. նախկին պապը` «Առաքելական յորդոր»-ին մէջ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ համագործակցութիւնն ու վկայութիւնը կարելի չէ ընդունիլ գետնի վրայ գործադրուող քաղաքական գործունէութեամբ:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ զինեալ միջադէպերուն առումով ցուցաբերուած քաղաքական հովանաւորութիւնը խիստ մերժելի է:







All the contents on this site are copyrighted ©.