2013-07-07 12:07:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 7 յուլիս 2013-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, սուրբ պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին` Հռոմի Թեմէն հազար հինգարիւր երիտասարդներ որոնք կը պատրասուտին մեկնելու Պրազիլ` մասնակցելու համար այնտեղ կայանալիք ''երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուան տօնակատարութիւնններուն։''

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը հակիրճ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց օրուան սուրբ գրային ընթերուցմներու մասին որ կը խօսին Յիսուսի Առաքելութեան մասին եւ թէ ինչպէս Ան այս առաքելութիւնը կ՛ուզէ իրագործել իր աշակերտներուն հետ։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց արդ Յիսուսի կոչին` ուղղուած մեզի ըլլալու անոր առաքեալները եւ Աւետարանը տարածելու ամէնուրէք։ ֆրանչիկոս Պապը զգուշացուց սակայն թէ առաքելութեան առաջին ''դերակատարը'' կը մնայ միշտ Տէրը ու մենք ուրախ ըլլալու ենք անոր աշակերտելով ու ըլլալով անոր բարեկամները։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ակնարկեց` իր ստորագրութիւնը կրող երկու օր առաջ հրատարակուած` Հաւատքի մասին '' Lumen fidei'' - ''Հաւատքի լոյս'', շրջաբերական Նամակին ։
Հաւատոյ Տարուայ առթիւ - ըսաւ Ան - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը սկսած էր շարադրել այս շրաջաբերականը որ կը յաջորդէ յոյսի եւ սիրոյ մասին անոր գրած շրջաբերական թուղթերուն։ Ես ստանձնելով ծրագիրը զայն լրացուցի եւ ուրախութեամբ զայն կը ներկայացնեմ Աստուծոյ Ժողովորդին որ այսօր աւելի քան երբե՛ք պէտք ունի քրիստոնեայ հաւատքի էականութեան որպէսզի զայն ուսումնասիրելով զայն բաղդատութեան մէջ դնէ այժմէական հարցերուն հետ։ Այս նամակը - շարունակեց Պապը - որոշ մասերու մէջ ուղղուած է նաեւ անոնց որ Աստուծոյ եւ կեանքի իմաստի փնտռտուքի մէջ են։ Զայն կը դնեմ Մարիամի ձեռքերուն մէջ, որպէսզի կարենայ Տիրոջ ակնկալած պտուղները տալ - յարեց Սրաբազան Հայրը - ու յատուկ ողջույնի խօսք ուղղեց ներկաներուն իսկ Պրազիլ մեկնող Հռոմի Թեմի երիտասրադներուն ըսաւ` ''սիրելի երիտասարդներ, ես եւս պատրաստութեան մէջ եմ։ Միասնաբար ընթանաք այս հաւատքի մեծ տօնակատարութեան։ Թող Տիրամայրը մեզի ընկերանայ։ ''
Կիրակնօրեյա մարեմեան աղօթքի աւարտին ֆրանչիկսո Պապը, ինչպէս իր սովորութեան, բարի կիրակի եւ բարի ախորժակ մաղթեց բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.