2013-07-07 11:13:47

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի Զոհը Կղերական Կեանքի Թեկնածուներու Ներկայութեամբ։


Կիրակի 7 յուլիս 2013-ի առաւօտեան 9,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճառին մէջ նախագահեց սուրբ պատարագի զոհին, 6000-է աւելի երիտասարդ ու երիտասարդուհի նորընծաներու եւ ուխտեալ կեանքի թեկնածուներու ներկայութեամբ, որոնք հռոմ կը գտնուին ''Քեզի կը վստահիմ'' խորագրով` հաւատոյ տարուայ առթիւ կազմակերպուած Սուրբ Պետրոսի Դամբանի Ուխտագնացութեան մասնակցելու։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները խօսքը կեդրոնացուց ''առաքելութեան'' վրայ։

''Առաքելութիւնը կը բխի կոչէ մը՝ Յիսուսի կոչը մեզի'' - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա ընդգծեց քրիտոնէական առաքելութեան ապրելակերպի յատկանիշերը խորհրդածելով երեք նիւթերու շրուջ ''մխիթարութեան ուրախութիւնը, խաչը եւ աղօթքը։''

Սիրելի նորընծաներ եղէ՛ք ''Աղօթքի` այրեր ու կիներ'', առանց Աստուծոյ հետ յարատեւ յարաբերութեան մեր առաքելութիւնը կը դառնայ լոկ ''արհեստ'' մը։ Եթէ դիտենք Յիսուսին կը տեսնենք թէ Ան ամէն կարեւոր որոշումէ կամ քայլէ մը առաջ կ՛ամփոփուէր խոր ու երկար աղօթքի մէջ։ Յիսուս - աւելցուց Քահանայապետը - իրենինները կը ղրկէ առանց ''քսակի, առանց պայուսակի եւ առանց հողաթափի''։ Կարեւորը այն է, տոգորուած ըլլալ Քրիստոսի սիրով եւ թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեզ եւ մեր կեանքը պատուաստել կենաց ծարին մէջ որ Տիրոջ Խաչն է։
Խօսքը եզրափակելով ու ներկաները յանձնելով Տիրամօր բարեխօսութեան ֆրանչիսկոս Պապը մաղթեց ''Թող ձեր կեանքը ըլլայ հարուստ ու պտղաբեր. ամէն։''









All the contents on this site are copyrighted ©.