2013-07-06 11:48:58

Ռուսիա Եւ Ֆրանսա Մտադիր Են Զէնքի Նախագծման, Արտադրման Եւ Վաճառքի Մարզին Մէջ Համագործակցիլ


Ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ֆրանսա, որպէսզի հանդիպումներ ունենայ ֆրանսական կառավարութեան անդամներուն հետ` պատերազմական օդանաւերու մարզին մէջ համագործակցութեան նոր մօտեցումներ ամրագրելու համար` միացեալ նախագծման, արտադրութեան եւ սպառազինութիւններու վաճառքին ուղղութեամբ:
«Ես մտադիր եմ այս տարուան հոկտեմբերին Ֆրանսա այցելել, որպէսզի մասնակցիմ ռուսական ուղղաթիռակիր յածանաւի գործարկման: Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ կառավարութեան մէջ հանդիպումներ կատարելու համար` Ֆրանսայի հետ հետագայ միացեալ գործունէութեան մասին», յայտարարած է Ռոկոզին:
Ան նաեւ նշած է, որ այժմ Ռուսիան մտադիր է, համագործակցելով ծովային զէնքերու մեծագոյն արտադրողին հետ, զինուորական արհեստագիտական համակարգէն անցում կատարել զինուորական ճարտարագիտական համագործակցութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.