2013-07-06 13:49:41

Երեւանն ու Ս. Փեթերզպուրկը Պիտի Համագործակցին Կանաչ Գօտիներու,
Շատրուանային Համլիրներու Ստեղծման Ոլորտին Մէջ


Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմով Ս. Փեթերզպուրկ գտնուող Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի զարգացման եւ ներդրումային ծրագիրներու վարչութեան պետ Արմէն Յարութիւնեանը, զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Մարիա Պարաղամեանը եւ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար Հրայր Անտոնեանը հանդիպած են Ս. Փեթերզպուրկի Վասիլէօսդրովսգի վարչական շրջանի աշխատակազմի ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Երեւանի պատուիրակութեան անդամները առաջարկած են ուսումնասիրել Երեւանի Արաբկիր եւ Ս. Փեթերզպուրկի Վասիլէօսդրովսգի վարչական շրջաններու ընդհանուր օգտագործման տարածքներու բարեկարգման, նոր կանաչ գօտիներու, շատրուանային համլիրներու ստեղծման ու այս ուղղութեամբ համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները:
Ս. Փեթերզպուրկի Վասիլէօսդրովսգի վարչական շրջանի աշխատակազմի ներկայացուցիչները, համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնելով, նշած են, որ գործընթացը սկսելու համար երեւանեան կողմէն վերոնշեալ ծրագիրներուն մասին կ’ակնկալեն աւելի մանրամասն տեղեկատաւտութիւն:
Կողմերը համաձայնած են նշուած հարցերուն շուրջ յառաջիկային առաւել մանրամասն քննարկումներ կազմակերպելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.