Եգիպտական Բանակը Միասնականութեան Եւ Հաշտութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Սաստիկ Բախումներ` Մուրսիի
Հետեւորդներուն Եւ Հակառակորդներուն Միջեւ
Երէկ երեկոյեան պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետեւորդներուն եւ հակառակորդներուն
միջեւ տեղի ունեցան սաստիկ բախումներ` եգիպտական 8 նահանգներու մէջ: Մուրսիի հետեւորդները
ներխուժեցին Թահրիրի հրապարակ` իրենց հակակշիռը բանեցնելու անոր վրայ: Ըստ պաշտօնական
տուեալներու, բախումներուն պատճառով ինկան 6 զոհեր եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան: Եգիպտական
բանակը Եգիպտոսի մէջ Մուրսիի համակիրներուն ծրագրած ցոյցերէն առաջ հրապարակեց հաղորդագրութիւն
մը, որուն մէջ միասնականութեան եւ հաշտութեան կոչ ուղղեց: Բանակը կոչ ուղղեց մերժելու
«վրէժխնդրութիւն»-ը, որպէսզի կարելի ըլլայ «ազգային հաշտութիւն իրագործել»: