2013-07-06 12:04:58

2013 ը Հայ Մօր Տարի
Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ


Ինչո՞ւ Մայրը արժանի է իր զաւակներուն՝ Մանչ թէ աղջիկ, սիրոյն ու յարգանքին...
Որո՞նք են մօր պարտականութիւնները, պարտաւորութիւններն ու կարողութիւնները...
Կարենալ լաւապէս կատարելու համար իր պարտականութիւնը, ՄԱՅՐԸ՝ հայ մայրը, իր բոլոր կարողութիւնները ի գործ կը դնէ առանց բան մը ակնկալելու...կը գործէ սիրով, անշահախնդիր սիրով. պարզապէս փնտռելով զաւակներուն բարիքը...
Ինչպէս նախապէս ըսած էինք, մայրը իր աղջիկ զաւակին համար տիպար մըն է, բարի օրինակ մը... իսկ մանչ զաւակին համար ամենախոր ապրումներու ու տպաւորութիւններու շտեմարանը, որուն ազդեցութիւնը ոչ մէկ ուժ կարող է ջնջել անոնց՝ զաւակներուն հոգիներուն մէջէն։
Արդ՝ արդի մայր, արդի հայ մայր ըլլալ, կ՝ենթադրէ ծանր պարտաւորութիւններ ինքզինքին հանդէպ, զաւակներուն հանդէպ ու ազգին հանդէպ։
Այս դերը ի վերուստ տրուած է մօրը եւ կակնկալուի որ ան արժեցնէ այդ դժուարին դերը արդի ժամանակներու մէջ։
Հայ մայրը արդեօք պատրաստ կը զգա՞յ ինքզինք ընդունելու նման մարտահրաւէր մը։
Հոս կրնանք ըսել թէ ՜՜մայրեր՝՝ օգնական ունին մեր ՜՜երկնաւոր Մայրը՝ Աստուածամայրը՝՝....
Դիմելով Տիրամօր, խնդրենք որ ինք տայ ուժը եւ կարողութիւնը ըլլալու՝ ՜՜բարի նոր սերունդ մը ՝՝ պատրաստող մայրեր...







All the contents on this site are copyrighted ©.