2013-07-05 12:50:47

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Հաւատքի Լոյս'' Շրջաբերական Թուղթը


Ուրբաթ 5 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրատարակած ''Հաւատքի Լոյս'' վերտառութեամբ առաջին շրջաբերական թուղթը, ուղղուած եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձերուն եւ բոլոր աշխարհական հաւատացեալներուն։

Մամլոյ ասուլիսը ներկայացուցին Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` կարտինալ Մարք Ուելլէն, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր եւ Նոր Աւետարանութեան տարածման քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան։

''Հաւատքի Լոյս'' շրջաբերական թուղթը ունի չորս գլուխներ եւ ինչպէս կը բացատրէ ֆրանչիսկոս Պապը ներածականին մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ շարադրուած է Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ։ Բնագիրին, ներկայ քահանայապետը աւեցուցած է այլ հատուած մը ''լրացուցիչ ներդրումներ'' վերատառութեամբ։ Շրջաբերական թուղթի կէտնպատակն է վերագտնել հաւատքը բնորոշող լոյսը որ կարող է համայն մարդկային էութիւնը լուսաւորել։

Ով որ կը հաւատայ միայնակ չէ որովհետեւ հաւատքը հասարակաց բարիք մըն է որ կ՛օժանդակէ կերտելու մեր ընկերութիւնները, յոյս ներշնջելով։ Այս է ''Հաւատքի Լոյս - Lumen fidei'' շրջաբերական թուղթի կեդրոնական իմաստը։

Հաւատքի ճշմարիտ վկան Յիսուսն է որ որպէս Աստուած կը գործէ պատմութեան մէջ։ Ինչպէս մեր առօրեայ կեանքին մէջ կը վստահինք ճարտարապետին, դեղագործին, փաստաբանին որ մեզմէ աւելի գիտակից են. այնպէս հաւատքի համար վստահելու ենք Յիսուսի որ Աստուածային իրողութիւններու մասնագէտ է ։ Հաւատքը առանց ճշմարտութեան փրկարար չէ - կ՛ընդգծէ քահանայապետը - նա մանաւանդ այսօր որ ճշմարտութեան տագնապի մէջ կ՛ապրինք։ Ճշմարտութիւնը որ կը բխի Աստուծոյ սէրէն չի պարտադրուիր ուժգնութեամբ եւ չի ոտնակոխեր անհատը ու բանականութեան եւ հաւատքի միջեւ երկխօսութիւնը կարելի կը դարձնէ։

Անհրաժեշտ է առ այդ աւետարանացումը, որ քրիստոնեաներու դէմքին վրայ շողշողացող Յիսուսի լոյսն է որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ հաւատքի վկաներու միջոցաւ։
Հասարակաց բարիքի կերտման ու հաւատքի միջեւ կապը՝ եւս զօրաւոր է։ Հաւատքը կ՛ամրապնդէ մարդոց միջեւ կապերը եւ արդարութեան, իրաւունքի ու խաղաղութեան ի սպաս կը գործէ։

Հաւատքը կը լուսաւորէ ընտանիքը, հիմնուած՝ այր ու կնոջ ամուսնութեան խորհուրդին վրայ։ Հաւատքը կը լուսաւորէ երիտասարդներու աշխարհը որ աւելի ''բարձրորակ կեանքի'' կը ձգտին, հաւատքը լոյս կու տայ բնութեան ու մեզի կ՝օգնէ յարգելու բնութիւնը ։ Նոյնիսկ տանջանքն ու մահը իմաստ մը կը գտնեն եթէ վստահինք Աստուծոյ - կը գրէ Քահանայապետը - հուսկ կոչ մը կ՛ուղղէ ''Մեզմէ թող չի խլեն յոյսը, ու թոյլ չտանք որ ան դառնայ անզօր, անմիջական առաջարկներու պատճառաւ որ կը կասեցնեն դէպի Աստուած տանող մեր ընթացքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.