2013-07-05 12:26:26

Քահանայապետական Անուանում


Սուրբ Կոյս Մարիամի Սրբանկարին Պիէլորուսիոյ Պուզլաու քաղաքը ժամանելուն 4րդ հարիւրամեակի առթիւ `5 եւ 6 յուլիսին Պիէլորուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան արարողութիւններ, նախագահութեամբ միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանին որ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ նշանակուած է որպէս յատուկ պատուիրակ։
Իսկ Չէխ եւ Սլովաք հանրապետութիւններու մէջ 5 յուլիսին կը նշուի Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս Սուրբերու այդ հողերու վրայ ժամանումի 1150րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Ժոզիբ Պոզանիչ` Զակապրիոյ առաջնորդը նմշանակած է յատուկ նուիրակ գլխաւորելու Չէխ հանրապետութեան մէջ կայացած յոբելինական արարողութիւնները մինչ Կարտինալ ֆրանք Րոտէն նուիրեալ եւ առաքելական կեանքի Ժողովի երբեմնի կառավարիչը նշանակած է յատուկ նուիրակ գլխաւորելու Սլովաք հանրապետութեան մէջ նախատեսուած յոբելինական արարողութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.