2013-07-05 10:07:12

Սուրիոյ Աշխատանքի Նախարարի Օգնականը Մահափորձի Ենթարկուեցաւ


«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Կեդրոնական Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ աշխատանքի նախարարի օգնական Ռաքան Իպրահիմի ինքնաշարժին կպցուած ական մը պայթեցաւ, եւ ան ծանր կերպով վիրաւորուեցաւ:
Պայթումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Պարամիքա թաղամասին մէջ:
«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը յայտնեց, որ, «ըստ նախնական տեղեկութեանց, փոխնախարարը իր ոտքը կորսնցուցած է եւ ծանր վէրքեր ստացած»:







All the contents on this site are copyrighted ©.